Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողութիւններուն։ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից յիշատակութեան տօնին առթիւ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէի վանքին մէջ։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։

Օրուան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ պարգեւաբաշխում մը։ Տօնակատարութիւններուն համար մայրավանքի համալիրէն ներս համախմբուած էր 237 եկեղեցական։ Զանազան թեմերէ կամ եկեղեցական կառոյցներէ ներս սպասարկող հոգեւոր հայրերը ստացան Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը։ Պարգեւներու եւ կոչումներու բաշխումէն վերջ Նորին Սրբութիւնը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը։ Ան փոխանցեց իր գնահատանքը թեմակալ առաջնորդներուն եւ քահանայից դասու ջանադիր անդամներուն համար՝ հայցելով Ս. Հոգւոյ յարատեւ առաջնորդութիւնը անոնց սրբազան առաքելութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020