Ս. ԹԷՈԴՈՐՈՍ ԶՕՐԱՎԱՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Թէոդորոս զօրավարի յիշատակութեան տօնը։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Հարկ է նշել, որ Ս. Թէոդորոս զօրավարի յիշատակութիւնը միեւնոյն ատեն Մայր եկեղեցւոյ համալիրի համանուն մատրան ուխտի օրը կը համարուի։

Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ գլխաւորութեամբ ուրարակիր Գէորգ Չամի։ Արարողութեան հետեւեցան նաեւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։

Ս. Պատարագէն վերջ թափօր մը կազմուեցաւ դէպի Ս. Թէոդորոս լուսաղբիւր մատուռը, ուր Սուրբին ընծայուած Ս. Սեղանին առջեւ երգուեցաւ իրեն յատուկ «Մանկունք» շարականը։ Հուսկ, տեղի ունեցաւ խաչահանգիստ եւ վերջին օրհնութեամբ հաւատացեալները արձակուեցան։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ պահքի սիրոյ սեղան մը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2024