ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ԵՂԻՇԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԿԻԶԻՐԵԱՆԻ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ ի Տէր հան­գած է Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պո­սաց դա­սու ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րէն Տ. Ե­ղի­շէ Արք. Կի­զի­րեան։ Ինն­սուն տա­րե­կան հա­սա­կին վախ­ճա­նած հան­գու­ցեալ Սրբա­զան Հայ­րը կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը պաշ­տօ­նա­վա­րէր Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մէն ներս։ Իր վախ­ճա­նը մեծ կո­րուստ մը կը հա­մա­րուի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ տե­սա­կէ­տէ։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ ամ­բողջ միա­բա­նու­թիւ­նը խո­րա­պէս կը սգան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի ե­րի­ցա­գոյն ու բազ­մա­վաս­տակ միա­բան­նե­րէն Տ. Ե­ղի­շէ Արք. Կի­զի­րեա­նի վախ­ճա­նու­մը։

Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Զա­ւէն, Տ. Ե­ղի­շէ Արք. Կի­զի­րեան 15 Յու­լիս 1926-ին ծնած էր Դա­մաս­կո­սի մէջ։ Տեղ­ւոյն ազ­գա­յին Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին մէջ ստա­ցած էր նա­խակր­թու­թիւ­նը եւ փոքր տա­րի­քէ սկսեալ եր­գած՝ դպրաց դա­սու մէջ։ 1940 թուա­կա­նին Դա­մաս­կո­սի կա­թո­ղի­կո­սա­կան փո­խա­նորդ հո­գե­լոյս Տ. Եփ­րեմ Արք. Տոհ­մու­նիի միջ­նոր­դու­թեամբ ըն­դու­նուած էր Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ դպրե­վան­քը։ Չորս տա­րի վերջ սար­կա­ւագ ձեռ­նադ­րուած էր նոյն սրբա­զա­նին ձե­ռամբ։ 1947 թուա­կա­նին դպրե­վան­քի եօ­թա­մեայ ու­սում­նա­ռու­թեան շրջա­նը ա­ւար­տե­լով կու­սակ­րօն քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուած էր ձե­ռամբ՝ Տ. Դե­րե­նիկ Եպսկ. Փո­լա­տեա­նի։ 1947-51 թուա­կան­նե­րուն դա­սա­ւան­դեց դպրե­վան­քին եւ Մես­րո­պեան նա­խակր­թա­րա­նին մէջ՝ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ վա­րե­լով շարք մը վար­չա­կան պաշ­տօն­ներ։

1951-ին եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Յով­սէ­փեան Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սի ար­տօ­նու­թեամբ եւ Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի այդ շրջա­նի ա­ռաջ­նորդ հո­գե­լոյս Տ. Տի­րան Արք. Ներ­սո­յեա­նի հրա­ւէ­րով հո­վուա­կան ծա­ռա­յու­թեան կո­չուե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ։ Ե­րե­սուն տա­րի պաշ­տօ­նա­վա­րեց թե­մի զա­նա­զան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս։ Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի նախ­կին ա­ռաջ­նորդ հո­գե­լոյս Տ. Թոր­գոմ Արք. Մա­նու­կեա­նի կող­մէ մէկ տա­րուան ժամ­կէ­տով կո­չուե­ցաւ Նիւ Եոր­քի Ս. Վար­դան ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ լու­սա­րա­րա­պե­տի պաշ­տօ­նին։

1958-ի Ապ­րի­լին մաս­նա­ւոր վար­դա­պե­տու­թեան աս­տի­ճան ստա­ցաւ ձե­ռամբ Տ. Մամբ­րէ Արք. Գալ­ֆաեա­նի։ 1966-ին ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տու­թեան աս­տի­ճան ստա­ցաւ ձե­ռամբ Տ. Սիոն Արք. Մա­նու­կեա­նի։ 1963-65 թուա­կան­նե­րուն ե­ղաւ Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ։ Պաշ­տօ­նի հան­գա­ման­քով վա­րեց «Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցի» թեր­թի խմբագ­րի եւ թե­մի կի­րակ­նօ­րեայ դպրոց­նե­րու տե­սու­չի պաշ­տօ­նը։ Հո­վուա­կան պաշ­տօն­նե­րուն ա­ռըն­թեր, աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րի­տա­սար­դաց կազ­մա­կեր­պու­թեան «Ար­մի­նիըն Կար­տիըն» ամ­սա­թեր­թին։

1961-68 թուա­կան­նե­րուն նոյն թե­մի Դպրաց դա­սե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան մօտ մա­տու­ցեց ծա­ռա­յու­թիւն՝ որ­պէս խորհր­դա­կան, ա­պա ա­տե­նա­պետ։ 1963-67 թուա­կան­նե­րուն մաս կազ­մեց Թե­մա­կան խոր­հուր­դի։

1982 թուա­կա­նի Փետ­րուա­րին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ե­պիս­կո­պոս ձեռ­նադ­րուե­ցաւ ձե­ռամբ ե­րա­նաշ­նորհ Տ.Տ. Վազ­գէն Ա. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին։ Նոյն տա­րուան Ապ­րի­լին նշա­նա­կուե­ցաւ Անգ­լիոյ թե­մի ա­ռաջ­նորդ։ 1993 թուա­կա­նի Յու­նուա­րին ար­ժա­նա­ցաւ ար­քու­թեան տիտ­ղո­սի։

Անգ­լիոյ մէջ, որ­պէս ա­ռաջ­նորդ եւ հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րակ, Հայ Ե­կե­ղե­ցին ներ­կա­յա­ցուց Քեն­թըր­պը­րիի ար­քե­պիս­կո­պո­սու­թեան մօտ, մաս­նակ­ցե­ցաւ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղով­նե­րու եւ հա­ւաք­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ Անկ­լի­քան ե­կե­ղեց­ւոյ Լամ­պեր­թի ժո­ղո­վին։ Տաս­ներ­կու տա­րի նա­խա­գա­հեց Անգ­լիոյ Ա­րե­ւե­լեան Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու (հայ, ղպտի, ա­սո­րի, ե­թով­պա­կան եւ հնդիկ մա­լա­պար խոր­հուր­դին)։

2000 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բե­րին ա­ռող­ջա­կան պատ­ճառ­նե­րով հրա­ժա­րե­ցաւ Անգ­լիոյ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դի պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն ու կո­չուե­ցաւ հանգս­տեան։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն իր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ի սպաս կը դնէր դար­ձեալ Ա­րե­ւե­լեան Թե­մին հա­մար, ուր հա­ճե­լի ու խորհր­դան­շա­կան էր ա­լե­հեր Սրբա­զան Հօր ներ­կա­յու­թիւ­նը։

Մայր Ա­թո­ռի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան եւ վեր­ջին օծ­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պի­տի յստա­կա­նան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։

Յի­շա­տակն ար­դա­րոց օրհ­նու­թեամբ ե­ղի­ցի։ 

Շաբաթ, Մարտ 19, 2016