ՀՈՎԻՒԻ ԽՕՍՔԵՐ (ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՊՍԿ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ)

Վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ ստացայ երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի պատգամներով պատրաստուած «Հովիւի խօսքեր» գիրքը, զոր Սրբազան Հօր օրհնութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ, որպէս «Ոսկեղնիկ մատենաշար»ի Ե. գիրքը լոյս տեսած էր 2021 թուին, Լոս Անճելըսի մէջ։

Նշանակալից գիրք մըն էր սա 160 էջերէ բաղկացեալ, քանի ձօնուած էր Արեւելեան թեմի հիմնադրութեան 95-ամեակին եւ լոյս ընծայուած՝ թեմի անդրանիկ առաջնորդին մտախոհերուն։ Նախապէս իրազեկ դարձեր էի գիրքի հրատարակութեան, յետընթերցման պոլսահայ մամլոյ սիւնակները եւ անշուշտ ուրախութիւն էր ի ձեռին ունենալը նման ընթերցելի գանձարան մը։ Նման հրատարակութիւն մը նշանակալից է նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ միաբանի մը համար, նկատի ունենալով Գարեգին Պատրիարքը արժանընտիր գահակալներէն եղած է Պոլսոյ Աթոռոյ, իր եկեղեցական ներդրումը տարածած ըլլալով՝ հանուր Հայ Եկեղեղւոյ։

Գիրքի վերջին էջերէն կը սկսինք զննումի եւ կը տեսնենք, թէ 2019-ին հաստատուած «Ոսկեղնիկ մատենաշար»ը ունի նաեւ չորս հրատարակութիւններ, որոնցմէ երկրորդը նուիրուած է Պոլսոյ Յակոբ Պատրիարք Նալեանին, ի թուին 2020-ի, իսկ չորրորդը՝ Պոլսոյ Կարապետ Պատրիարք Պալատեցիին, ի թուին 2021-ի։ Գիրքին մէջ լոյս ընծայուած է Գարեգին Եպսկ. Խաչատուրեանի համառօտ կենսագրականը, որով 6 նոյեմբեր 1880-ին Տրապիզոնի մէջ ծնած Խաչիկ Խաչատուրեանը, Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածնի վանքին մէջ քահանայ ձեռնադրուելով Հայր Գարեգին կոչուած հոգեւորականը, թեմակալ առաջնորդութեան պաշտօն վարած տեսուչը, յԱթոռ Պատրիարքութեան կոչուած Գարեգին Պատրիարքը եւ 22 յունիս 1961-ին, Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին վախճանած երանաշնորհը կը ներկայացուի։ Իր վախճանման օրն իսկ խորհուրդ մը կը պարունակէ, ըստ որում կը շեշտադրուի վախճանեալ պատրիարքին գրասիրութիւնը եւ հեղինակած բազմաթիւ երկերը։ Սոյն գիրքին մէջ ահա մի առ մի, որպէս մատենագիտութիւն կը ներկայացուին Գարեգին Պատրիարքի գրական արտադրութիւնները։

Գիրքի շնորհակալիքի բաժնին մէջ կը յիշատակուին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի ներդրումը, «Հոգեւոր շողակաթումներ» բաժինով, ինչպէս նաեւ երբեմնի պոլսեցի Գէորգ Պ.Յակոբեանի ներդրումը, կազմի նկարի տրամադրութեան գծով։ Բաց աստի, յիշատակուած են գիրքը կազմող Նորայր Պօղոսեանն ու հրատարակութեան աջակից Հռիփսիմէ Կոստանեանը։

Իր օրհնութեան խօսքին մէջ Յովնան Սրբազան վարպետօրէն կը բնութագրէ նախ Գարեգին Պատրիարքի վաստակը՝ ըսելով. «20-րդ դարու Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ լուսաշող դէմքերու շարքին է անկասկած հոգելոյս Գարեգին Արք. Խաչատուրեանը, որուն հոգեշունչ պատգամներուն մէջ է ամփոփուած Աստուածսիրութեան շունչն ու եկեղեցասիրութեան եւ առաքելականութեան զգացողութինը»։ Ներբողելով մտազեղումը երանաշնորհ պատրիարքին՝ կը շարունակէ ըսել. «Ոսկեղնիկ մատենաշարի Ե. գրքոյկով ջերմ փափաքն ունեցանք պանծացնել յիշատակը՝ հոգիով հզօր պատրիարքին։ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան երկնակամարին վրայ որոշապէս գրուած է բարի անունը Խաչատուրեան Պատրիարքին՝ մեզի ծանօթ Գարեգին Տրապիզոնցի անունով»։

Գարեգին Պատրիարքի պատգամները կը ներկայացուին երեք հիմնական վերնագրերով, որոնք են «Մեծ պահք», «Առաջնորդական խօսք» եւ «Հոգեւոր շողակաթումներ»։ Առ այդ, հեղինակի քարոզխօսականը կը սկսի Բարեկենդանով «մուտք ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ։ Պահք արթնութեամբ եւ զգուշութեամբ» տողերով եւ շաբաթ առ շաբաթ կը մօտենայ Աւագ շաբթուան եւ իր կատարումին կը հասնի Զատկական ողջոյնով. «Տօն կատարենք ցնծութեամբ՝ նորոգուածներս մեղքերու հնութենէն։ Այսօր մենք ալ զուարճացած՝ պայծառանանք այս տօնով, հաշտութեան հետ Աստուած՝ մենք ալ սիրով գիրկընդխառնուինք, եւ գոչենք միաբերան. ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱ՜Ւ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ ԼՈ՜ՅՍ ԾԱԳԵՑԱՒ ԱՐԱՐԱԾՈՑ…»։ Երբ արդէն իսկ կը ճանապարհորդենք Մեծ պահոց ոսկեայ օղակին մէջ, էջերու մէջի պատգամները կ՚առաջնորդեն ի խաւարէ ի լոյս. ի մահուանէ ի կեանս. յապականութենէ յանապականութիւն. յանգիտութենէ ի գիտութիւն ճշմարտութեան։

Յաջորդիւ առաջնորդ Գարեգին Եպսկ. Տրապիզոնցիին խօսքերը կը ծածանին հայ ժողովուրդի տարբեր խաւերուն վրայ, որուն կը սկսի նմանողութեամբ Գրիգոր Նարեկացիին աղօթքին առ Աստուած. «Սրտի խորերէն խօսք մըն է այն ուղղուած քեզի ո՜վ Հայ Տուն…» եւ ամենէն մեծ պատգամը կը դառնայ հետեւեալը. «Հայ Տուն, անաղարտ պահէ ինքնութիւնդ…»։ Յաջորդիւ կը շարունակէ հայ ծնողներուն իր խօսքերը ուղղել. պատգամ մը, որ ներկայիս եւս իր այժմէականութիւնը կը պահէ. «Շատ են լսուեր գանգատներ՝ ուղղուած նոր սերունդի հասցէին։ Ո՞վ ծնաւ, սակայն, զանոնք, ո՞վ տուաւ անոնց իր պատկերն ու նմանութիւնը, ո՞վ տածեց զանոնք ու վարժեցուց։ Ամենէն առաջ դո՛ւք, հայր ու մայր»։ Հեղինակը անդրադարձած է նաեւ հայ կնոջ եւ մօր եւ իր խօսքով զանոնք կը գտնէ նուիրական պատուանդանի մը վրայ։ Առ այդ, ինք հայկական նկարագրի պատկերը գտնելու համար կ՚անդրադառնայ հեթանոսական շրջանի սովորութիւններուն եւ ակնարկելով Հայր Վարդան Վրդ. Հացունիի հեղինակութիւններուն կը խօսի ժողովուրդին։ Իսկ հուսկ կը յիշատակէ Աստուածային Երրորդութեան ճառագայթով սրբագործուած ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՄԱՐԻԱՄի տիպար պատկերը։ Իրապաշտ առաջնորդը կը խօսի նաեւ ուսուցիչներուն ԱՄՆ-ի պայմանները նկատի ունենալով, սակայն տուած պատգամը պէտք է ընկալել համահայկական չափանիշով. «Գիտեմ ես, այս երկրին սահմաններէն ներս գրեթէ ոչինչ է ձեր դերը տղոց կրթութեան ու դաստիարակութեան գործին մէջ։ Բայց ԳՐԵԹԷ-ն դեռ բան մըն է՝ զոր հարկ է ճանչնալ ու գնահատել»։

Յատուկ ուշադրութեան արժանի է հայ ժողովուրդին ուղղեալ խօսքերը, որոնց մէջ կը շեշտէ, թէ իբրեւ հայ հաւաքական անձնաւորութիւն, այս հաւատքին մէջ պէտք է փնտռենք մեր բարձրացում ու փրկութիւնը եւ պէտք չէ մոռնանք ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ, որ հաւատքը մեզի շնորհող լուսաղբիւր մըն է։ Իսկ յաջորդիւ արտասանուած խօսքերը կը ցնցեն այն անձերը, որոնք եկեղեցին կը տեսնեն սոսկ ծէս կամ արարողութիւն եւ չեն գիտեր, թէ անդամներն են ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԱՆ. «Աստուծոյ ճշմարիտ տունը այն բարոյական մթնոլորտն է՝ ուր հոգին կը գտնէ իր ինքնութեան լման ճանաչումը, շնորհիւ ճշմարտութեան այն լոյսին՝ որ Աւետարանէն կը ճառագայթէ, աւելի ճիշդ՝ որ Քրիստոստ երկրաւոր կամ մարդկային փորձառութիւններէն, ապրած կեանքէն կ՚արտափայլի»։

Իսկ այս բաժնի վերջաբանը կը խօսի ուղղակիօրէն հոգեւորականներուս եւ որքա՜ն սիրուն եւ հարազատ ոճով կը սկսի իր հայրական պատգամին. «Եղբայրներ ի Քրիստոս» եւ կը շարունակէ «լծակից եղբայրներ» ասոյթը գործածելով մտերմութիւնը ցուցադրել։ Ինք ձեռնասունը ըլլալով Եղիշէ Արքեպսկ. Դուրեանին, զինքը կոչած է «Երկրորդ Շնորհալի»։ Հետեւաբար Ս. Ներսէս Շնորհալիի հանդէպ յատուկ համակրանք ունեցած Գարեգին Եպիսկոպոսը, հովիւներու ուղղեալ իր խօսքերուն մէջ կը փափաքի հարիւրաւոր տարիներու հասած Շնորհալիի Ընդհանրական Թուղթին մէջ տեղ գտած հեղինակաւոր պատգամները վերյիշել եւ այս ուղղութեամբ կ՚ըսէ. «Որպէսզի խօսքին հեղինակութիւնը իմ տկարութենէս բխած չըլլայ՝ պիտի ոգեկոչեմ նախ Շնորհալի Խօսնակը Հայաստ. Եկեղեցւոյս։ Ի՜րն է քաղցր ձայնը՝ զոր երկինքէն փոխ կ՚առնէ եւ որ իր մաքուր խղճմտանքէն կ՚արձագանգէ»։ Համբերատարութեան, օրինակ ըլլալու, նուիրումի եւ ծառայասիրութեան մասին պէս պէս պատգամներ տեղ գտած են, որ կարծէք կը խօսի Արմաշական Խորէն Պատրիարք Աշըքեանը, «Կենցաղ եկեղեցականաց»ով։

Գիրքի երրորդ բաժինը արտատպագրութիւնն է 1925 թուականին լոյս տեսած «Հոգեւոր շողակաթումներ» գրքին, որուն մէջ տեղ գտած են Գարեգին Պատրիարքի քարոզներէն հատուածներ. Քահանայութեան կարգը, Եկեղեցական պատուանշանները եւ անոնց արժէքը, Պահք եւ աղօթք, Ներողամտութեան դասը, Հոգի եւ միտք ու Սէրը եւ խաչը։ Քարոզխօսական այս յօդուածներու մէջ հուսկ բանքը յատկապէս ամենէն ցնցիչ բաժինն է, որուն մէջ այս բաժնի բոլոր միտքն ու խորհուրդը կը ներկայանայ. «Ափսո՜ս բոլոր անոնց՝ որոնք անկարող են ըմբռնել ճշմարիտ Սէրը, այն Սէրը՝ որ իր «խաչուած Քրիստոսն» է ունեցեր, առաջնորդելու համար բազմաբղէտ մարդկութիւնը դէպ ի բացարձակ համեղբայրութիւն»։

Որպէս վերջաբան, պէտք է յայտնել, թէ՝ հետաքրքրական հրատարակութեան մը վերածուած է այս մէկը իր բովանդակութեամբ եւ Սրբազան Հեղինակին պատգամներով, որոնցմէ շատեր այժմէախօս են սփիւռս աշխարհի եւ ունին իր խորին պատգամները։ Հետեւաբար, այս ձեռնարկին համար խոնարհաբար գոհունակութիւնս կը յայտնեմ, մաղթելով, որ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի գրիչէն ճառագայթող շողակաթը թող հասնի ընկերասիրաց սրտերուն եւ մտքերուն եւ դառնայ՝ սրտերու լուսաւորիչ եւ մտքերու պայծառազարդիչ։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

11 մարտ 2022, ուրբաթ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022