ՅԻՍՈՒՍԻ ԿԵԱՆՔ

Մեծ պահոց 20-րդ օրն է արդէն:

Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպակաս են, բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք։ Շարունակ Յիսուսի մահը մեր մարմիններուն մէջ կը կրենք, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ մեր մարմիններուն մէջ յայտնուի» (Բ. Կր 4.8-10): Առաքեալին այս խօսքերը ա՛յնքան պիտանի են իւրաքանչիւր պահեցողի համար, երբ արդէն կը պատրաստուինք մեր Տիրոջ չարչարանքներուն յիշատակը կատարել: Սակայն, պէտք չէ բաւարարուիլ միայն յոյսով, այլ՝ նաեւ պէտք է հաղորդակցիլ այդ չարչարանքներուն, որպէսզի կարենանք լաւ արդիւնք ստանալ մեր ճանապարհորդութենէն:

Արդարեւ մէկ առ մէկ առնենք Պօղոս առաքեալին խօսքերը. «Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպակաս են, բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք». ճշմարիտ քրիստոնեայ հաւատացեալի արտայայտութիւն, որ գիտակցելով մարդուն սպասող ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, չի՛ դադրիր յոյսով ապրելէ, յոյսով սպասելէ, յոյսով դիմադրելէ: Նեղութիւնը առանց ընկճուելու կը տանինք կ՚ըսէ ան, տագնապը մեզ չի՛ յուսահատեցներ, հալածանքները մեզ լքուածի կարգավիճակին մէջ չեն դներ եւ ոչ ալ խոշտանգումը կրնայ մեզ խորտակել:

Հաւատք չունեցող մարդը չի՛ կրնար այսպիսի ինքնավստահութիւն եւ համարձակ յոյս ունենալ: Հաւատք չունեցող մարդը չի՛ կրնար իր դժուարութիւններուն մէջ ոտքի կանգնած մնալ: Հաւատք չունեցող մարդը չի՛ կրնար փորձութիւններուն պատճառով ինքզինք Աստուծմէ լքուած համարել:

Շարունակենք. «Շարունակ Յիսուսի մահը մեր մարմիններուն մէջ կը կրենք». ի՞նչն է Յիսուսի մահը մեր մարմիններուն մէջ կրելը, եթէ ոչ Անոր չարչարանքներուն հաղորդակից ըլլալ. զգոյշ սակայն, շատեր չարչարանքները բառացիօրէն կը հասկնան, բայց այդպէս չէ, չարչարանքներուն հաղորդակից ըլլալ կը նշանակէ, թէ մեր պանդխտութեան տարիներուն մեր դէմ եղած փորձութիւններուն յաղթահարենք Քրիստոսով, այսինքն՝ Անոր պատուէրներն ու ուսուցումները գործադրելով եւ Աստուածահաճոյ կեանք մը ապրելով, այլ խօսքով ապրելով աշխարհին մէջ՝ աշխարհով ապրելու փոխարէն՝ ապրիլ Քրիստոսով: Ու կը շարունակէ Առաքեալը՝ «որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ մեր մարմիններուն մէջ յայտնուի». այսնինքն՝ երբ յաղթահարենք չարէն եկող փորձութիւնները: Այլ խօսքով՝ հաղորդակից դառնանք Քրիստոսի չարչարանքներուն Անոր մահը մեր մարմիններուն մէջ կրելով, որպէս վարձատրութիւն՝ Յիսուսի կեանքը մեր մարմիններուն մէջ պիտի յայտնուի: Իսկ Յիսուսի կեանքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Աստուածահաճոյ եւ Աստուծոյ Սուրբ Կամքին համաձայն կեանք մը:   

Քսաներորդ օրուան մարտահրաւէր. աշխատինք մեր կեանքը վերածել այնպիսի ընթացքի մը, ուր միշտ այնտեղ թագաւորէ Յիսուսի կեանքը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 19, 2022