ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի 12-րդ համաժողովի մասնակիցները երէկ Գահիրէի մէջ հիւրընկալուեցան Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ։ Համագումարը կազմակերպուած է Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Թաուատրոս Պատրիարքի տանտիրութեամբ, Գահիրէի մէջ, ուր ժողովականները երէկ այցելեցին նախագահական պալատ։

Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, Էլ Սիսի ներկաները ողջունելով ուրախութիւն յայտնեց, որ համաժողովը կազմակերպուած է Եգիպտոսի մէջ։ Ան անդրադարձաւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան անհրաժեշտութեան եւ ընդգծեց, որ քրիստոնեայ քաղաքացիները անբաժան մասնիկն են արաբական հասարակութեան։ Սիսի շեշտեց նաեւ, որ տարածաշրջանէ ներս հրամայական մըն է քրիստոնեայ եւ իսլամ քաղաքացիներու համահաւասար իրաւունքներ վայելելը եւ անոնց նոյն քաղաքացիական պարտաւորութիւնները կրելը։ Սա կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքէ ներս խաղաղութեան հաստատման ու բարգաւաճման տեսակէտէ։

Հարկ է նշել, որ Գահիրէի համաժողովին կը մասնակցի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը՝ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ։ Համաժողովին ներկայ է նաեւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը։

Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2022