ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷ ՆԵՐՍ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիանի մէջ սկսաւ միաբանական համագումար ժողովը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ, 22 յունիս։ Սուրբ Էջմիածնի միաբան ծայրագոյն վարդապետ եւ աբեղաները համախմբուած են այս համագումարին առթիւ։ Ներկայացուցիչներ կը մասնակցին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան կողմէ։ Պոլսոյ Աթոռին անունով Ս. Էջմիածին մեկնած են Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Համագումարի կարգադիր յանձնախումբը գլխաւորած է Տ. Օշական Վրդ. Կիւլկիւլեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմ)։ Երէկ, համագումարի առաջին օրուայ աշխատանքներուն նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։ Դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան (Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ)։ Ատենադպիրներն էին՝ Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան (Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միութեան հոգեւոր տեսուչ ու կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն) եւ Տ. Դերենիկ Աբեղայ Սահակեան (Եգիպտոսի հայոց թեմ)։
Հարկ է նշել, որ համագումար ժողովի սկիզբէն օր մը առաջ մայրավանքի համալիրէն ներս միաբանները ընդունուեցան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը միաբաններուն իր օրհնութիւնը փոխանցեց՝ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ։ զՎեհափառ Հայրապետը գնահատեց եկեղեցականները եւ ընդգծեց, որ միաբաններու նուիրեալ ծառայութեան շնորհիւ այսօր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը զօրանայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։