ԹԱԼԻՆԻ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Էսթոնիայի մայրաքաղաքը՝ Թալինի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի եկեղեցիներու քոնֆերանսի հերթական ընդհանուր ժողովը։ Համագումարը կազմակերպուած էր «Աստուծոյ օրհնութեան ներքեւ՝ կերտելով ապագան» խորագրով՝ հիւրընկալութեամբ Էսթոնիայի Ուղղափառ եւ Աւետարանական-Լուտերական եկեղեցիներու։ Համագումարը համախմբեց Եւրոպայի եկեղեցիներու քոնֆերանսի անդամ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, գործընկեր կազմակերպութիւններն ու Եւրոպական եկեղեցիներու ազգային խորհուրդները։ Հարկ է նշել, որ այս ընդհանուր ժողովը հինգ տարին անգամ մը կը գումարուի՝ Եւրոպայի եկեղեցիներու քոնֆերանսի ապագայ ծրագրերուն վերաբերեալ որոշումներ առնելու առաքելութեամբ։ Թալինի համագումարին ժամանակ ընտրուեցան նաեւ Եւրոպայի եկեղեցիներու քոնֆերանսի վարչական խորհուրդի նոր անդամները, որոնք յառաջիկայ հինգ տարիներուն պիտի ղեկավարեն այս միջեկեղեցական կառոյցը։

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, էքիւմենիք այս հաւաքին մասնակցեցան նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ներկայացուցին՝ Անգլիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Յակոբեան, Պալթեան երկիրներու թեմի առաջնորդ Տ. Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան քարոզչական կեդրոնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2023