ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան Տիթրոյթի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ ծուխի անդամները, որոնց ուղեկցեցաւ Տ. Փառէն Արք. Աւետիքեան։ Հանդիպման ընթացքին Տ. Փառէն Արք. Աւետիքեան տեղեկացուց, որ Տիթրոյթի հայ համայնքի ներկայացուցիչները 17 տարիէ ի վեր շարունակ ծրագիրներ կը հովանաւորեն եւ կամաւորական աշխատանք կ՚իրականացնեն Հայաստանի մարզերէն ներս՝ աւարտին հասցնելով կիսակառոյց տուներուն շինարարութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ուխտաւորներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ գնահատեց մարզերու բնակիչներու կեանքերու բարելաւման ուղղեալ իրենց աջակցութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի այս դժուարին օրերուն սփիւռքի հայորդիներուն կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը յոյս ու լաւատեսութիւն կը ներշնչէ երկրի զաւակներուն։

Գնահատելով նաեւ հաւատաւոր հայորդներու ծառայանուիրումի եւ պատրաստակամութեան ոգին՝ Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց մշտապէս իրենց կարողութիւններն ու հմտութիւնները ի սպաս դնել Հայաստանի զօրացման ու շէնացման՝ հաւատարիմ տէրունաւանդ պատուիրաններուն։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2023