Երկուշաբթի 12, Մայիս 2025
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը երէկ ձեռնարկած է այս այցելութեան։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգի հաղորդումներով, հայրապետական այցելութիւն մըն է այս մէկը։ Իր կեցութեան օրերուն Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ կ՚ունենայ Մայր Աթոռի բարերարներուն հետ՝ քննարկելու համար անոնց հոգածութեամբ ձեռնարկուած ծրագրերու իրականացման ընթացքը։
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020