ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԱՂՕԹՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնէն ներս պատահած ահաւոր պայթումի զոհերուն համար։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ դէպքի զոհերու հոգւոցն ի հանգիստ։

Մայրավանքի համալիրէն ներս, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որու ընթացքին եկեղեցականաց դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթեցին նաեւ պայթումի հետեւանքով տուժածներու շուտափոյթ ապաքինման համար։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային բաժնի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան աղէտալի իրադարձութեան անդրադառնալով՝ յորդորեց ըլլալ միասնական եւ իրարու աջակցիլ առկայ ծանր ու դժուարին փորձութիւնը յաղթահարելու համար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022