«ԱԽԱԼՑԽԱ» ՀԱՄՈՅԹԻ ՍԱՆԵՐԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՍՏԱՑԱՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Ախլցխա» պարախումբի սաները։ Հարկ է նշել, որ այս համոյթը կը գործէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի Ախալցիխէի հոգեւոր տեսչութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Համոյթի սաները Նորին Սրբութեան ներկայացան՝ առաջնորդութեամբ Տ. Յակոբ Աբեղայ Սահակեանի։ Այս առթիւ հայր սուրբը տեղեկացուց, որ համոյթը քառօրեայ ուղեւորութեան դուրս եկած էր դէպի Արցախ, ապա հայցեց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը։
Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն ողջունեց համոյթի նախաձեռնութիւնը եւ ընդգծեց, որ անոնց ելոյթները մեծ բաւարարութիւն կը պատճառեն արցախցիներուն եւ առիթ կը հանդիսանան ոգեւորութեան։ Նորին Սրբութիւնը հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց պատանիներուն, գովեց ազգային ինքնութիւնը, նախնեաց հաւատքը եւ սրբազան ժառանգութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ անոնց նախանձախնդրութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց երիտասարդներուն շարունակել ապրիլ ազգային ոգիով եւ գիտակցութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը բերաւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանին, Ախալցիխէի հոգեւոր տեսչութեան եւ բարերար հայորդիներուն՝ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ Հայաստան նման ուխտագնացութիւններու կազմակերպման համար։
Հանդիպման ընթացքին համոյթի պատանիները երաժշտական կատարումներով եւ ազգային պարերով ուրախացուցին Վեհափառ Հայրապետը՝ արժանանալով անոր գնահատանքին եւ պարգեւներուն։