ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս շրջանին կը դիմագրաւէ մեծ սուգ մը։ Այսպէս, վերջին օրերուն Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է տիրամայր Լուսին Քէշիշեան։ Այս ծանր պահուն համայն աշխարհի հայութիւնը բարոյական զօրակցութեան տրամադրութեամբ կը դիմէ Կիլիկեան Աթոռի գահակալին։

Երէկ, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Նորին Սրբութեան ցաւակցելու համար յուղարկաւորութեան մասնակցեցան Լիբանանի պետական աւագանիի յառաջատար դէմքերու ներկայացուցիչները։ Արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, որ խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը։ Թաղման կարգէն վերջ Նորին Սրբութիւնը Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ ընդունեց ցաւակցութիւնները։

Հարկ է նշել, որ տիրամօր վախճանման առթիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ցաւակցականներ ուղարկած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, օտար հոգեւոր առաջնորդներ, միջեկեղեցական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, համահայկական կամ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։

Միւս կողմէ, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պետը՝ Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքը նախընթաց օր այցելեց Անթիլիաս եւ տիրամօր վախճանման կապակցութեամբ անձամբ ցաւակցութիւն յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Կը հաղորդուի, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներու գործակցութեան եւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական ու տարածքաշրջանային հիմնախնդիրներուն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2019