ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՄՐԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ յուզումնախառն մթնոլորտ մը կը տիրէր։ 2022 թուականի ամրան շրջանին վերջին Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ արարողութեան ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ամբողջ ամրան շրջանին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Սեղանին սպասարկող սարկաւագները, կիսասարկաւագներն ու դպիրները, նաեւ դպրաց դասու անդամները եղանակի այս վերջին Ս. Պատարագի ընթացքին թէ՛ աղօթեցին եւ թէ՛ մաղթեցին, որ յաջորդ ամրան Աստուած արժանի ընէ դարձեալ զիրար վերագտնելու։

Արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան նաեւ ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած Կղզեաց թաղային խորհուրդի անդամները։ Կրօնական արարողութիւններէն վերջ խորհրդարանին մէջ ալ շարունակուեցաւ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտը, ուր բոլորը զիրար շնորհաւորեցին այս ամրան ձեռքբերումներուն համար եւ յոյս յայտնեցին, որ յառաջիկայ շրջանին կ՚արձանագրուին աւելի լուրջ ձեռքբերումներ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2022