Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՈՂՋՈՒՆԵԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՌԱԿՏՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՔԱՅԼԵՐԸ»

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը յայտարարեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին չի կրնար ողջունել եկեղեցւոյ պառակտման ուղղեալ քայլերը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը Նովոսիտիսկի մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ Ուքրայնայի Ուղղափառ եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը մանրամասնութիւններ հաղորդած է Նորին Սըր-բութեան խորհրդածութիւններուն կապակցութեամբ։ Այսպէս, Հայ Առաքելական Եկեղեցին կանոնականութեան կողմնակից է ու չի կրնար ողջունել այն քայլերը, որոնք ուղղուած են եկեղեցւոյ պառակտման։

Վեհափառ Հայրապետին հարց տրուած է, որ արդեօք Հայ Առաքելական Եկեղեցին կրնա՞յ զանազան պատճառներու բերումով ճանչնալ Ուքրայնայի «միացեալ» եկեղեցին։ Ան ի պատասխան ըսած է հետեւեալը. «Հայ Առաքելական Եկեղեցին կանոնականութեան կողմնակից է եւ այս համատեսքին մէջ երբեք չի կրնար ողջունել այն քայլերը, որոնք միտուած են քրիստոնէական եկեղեցւոյ մասնատման ու բաժանման»։

Քիեւի իշխանութիւններն ու Ուքրայնայի ոչ-կանոնական եկեղեցական մարմինը նպատակ ունի մինչեւ տարեվերջ Պոլսոյ Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքութենէն ապահովել անկախացման մասին հրամանագիր։ Սակայն այդ հրամանագիրը կրնայ ստանալ միայն «միացեալ» եկեղեցւոյ ղեկավարը, որ պէտք է ընտրուի Ուքրայնայի Ուղղափառ եկեղեցիներու միացեալ ժողովին կողմէ։ Այդպիսի ժողով մը տեղի կրնայ ունենալ 22 նոյեմբերին։ Մինչ այդ, Ուքրայնայի կանոնական Ուղղափառ եկեղեցին յայտարարած է, որ չի պատրաստուիր նման ժողովի մը մասնակցիլ։

Ֆէնէրի Պատրիարքարանին կողմէ Ուքրայնայի ոչ-կանոնական եկեղեցւոյ ինքնավարութիւն տրամադրելու որոշման պատճառաւ՝ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ սինոդը 15 հոկտեմբերին յայտարարած էր, որ կը դադրեցնէ շփումները Պոլսոյ Պատրիարքութեան հետ։ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին Ֆէնէրի այդ որոշումը անուանած է պառակտում։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2018