ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ էքիւմենիք աղօթք մը՝ աշխարհի խաղաղութեան համար։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան այս առթիւ Ս. Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ մէկտեղուեցաւ Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւոր պետերուն հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք միջեկեղեցական այս արարողութեան շուրջ Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, խոր հաւատքով եւ քրիստոնէական եղբայրական սիրով մաս կը կազմէ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն եւ հաւաքաբար կատարուած արարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ հովուապետներու եւ պատասխանատու հոգեւորականներու փոխադարձ այցելութիւններու եւ հանդիպումներու: Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմն ալ երկար տարիներէ ի վեր իր բաժինը կը բերէ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն եւ արարողութիւններուն՝ սերտ յարաբերութիւն մշակելով քոյր եկեղեցիներու եւ տարբեր յարանուանութիւններու հոգեւորականներուն հետ:
Արեւմտեան Թեմէն ներս շարունակելով Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ սկսուած աւանդութիւնը, Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Աշխարհի խաղաղութեան համար տարեկան միջեկեղեցական աղօթքի արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Լոս Անճելըսի շրջանի քոյր եկեղեցիներու եւ յարանուանութեանց հոգեւորականները, Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան եւ Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւորականները: Սոյն արարողութիւնը կը կատարուի Դեկտեմբեր ամսուան սկիզբը, որպէսզի միասնաբար վերյիշենք Հայաստանի 1988 թուականի Դեկտեմբեր 7-ին տեղի ունեցած ահաւոր երկրաշարժը, որուն հետեւանքով մեծ թիւով հայորդիներ զոհուեցան եւ շատեր ալ վիրաւորուեցան եւ կամ անօթեւան մնացին:
Արարողութենէն առաջ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եղբայրական հրաւէրով երեկոյեան առաջնորդարանի «Համբար ընտանեաց» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային մտերմիկ եւ հոգեւոր պահ մը, որուն ներկայ գտնուեցան արարողութեան մասնակցող Կաթոլիկ, Օրթոտոքս եւ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւորականները: Ապա հոգեւորականաց դասը զգեստաւորուած առաջնորդուեցաւ դէպի Մայր տաճար՝ կատարելու համար միջեկեղեցական աղօթքի արարողութիւնը:
Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանի Միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ եւ թեմի առաջնորդ Տ. Հոզէ Եպսկ. Կոմէզի ներկայացուցիչ՝ Հայր Ալեքսիս Սմիթ որպէս երեկոյի հոգեւոր հանդիսավարը՝ ի սրտէ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ ներկայացուց արարողութեան մաս կազմող իւրաքանչիւր եկեղեցականը՝ իրեն յատկացուած բաժինը կատարելէ առաջ: Ապա Մայր տաճարի երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ալենուշ Եղնազարի, ներդաշնակութեամբ երգեց Տէրունական աղօթքը, որուն յաջորդեց Տ. Ներսէս Քհնյ. Հայրապետեանի եւ Արտակ Սրկ. Խաչիկեանի կողմէ երեկոյեան ժամերգութեան նախաբանը՝ «Ես առ Աստուած կարդացի» բաժինը:
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութենէն Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան եւ Վերապատուելի Ռան Թովմասեան կատարեցին իրենց սրտաբուխ աղօթքները: «Աստուած իմ Աստուած» հոգեւոր երգը կատարեց Լուսին Ֆայլըն՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրարփի Զիրէքեանցի: Երգի բառերուն եւ երաժշտութեան հեղինակն է Յակոբ Ճամպազեան: Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Մուրատեան ընթերցեց «Լո՛ւր ձայնից մերոց» ոգեշունչ աղօթքը: Այնուհետեւ Մայր տաճարի երգչախումբը խանդավառութեամբ երգեց «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» ողջոյնի հոգեւոր երգը, որու ընթացքին հոգեւորականներն ու հաւատացեալները սիրալիր կերպով զիրար ողջունեցին: Այնուհետեւ Քրիստոսի Առաքեալներ Եկեղեցիէն Պատուելի Սալլի Ուէլչ ընթրեցեց Սաղմոս 133-ը, որուն յաջորդեց Կաթոլիկ Եկեղեցիէն Քոյր Թրէյսի Շարփի կողմէ ընթերցուած «Գոհանամք զքէն, Տէր Աստուած մեր» աղօթքը:
Արփի Այնթապեան եւ Րաֆֆի Քըրպապեան զուգերգ կատարեցին «Թէեւ հաւատքով եւ յոյսով» հոգեւոր երգը՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրարփի Զիրէքեանցի: Երգի եւ երաժշտութեան հեղինակն է Յակոբ Ճամպազեան: Թիւ 121 Սաղմոսի ընթերցումը կատարեցին Ամերիկայի Լուտերական Աւետարանական Եկեղեցիէն Պատուելի Քենի Պոըն եւ Պատուելի Տքթ. Ռէյ Քիպըր Գ., որուն յաջորդեց երգչախումբին կողմէ երգուած «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ»ը: Այնուհետեւ Սուրբ Սոֆիա Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսու՝ Հայր Ճան Պաքաս ընթերցեց Սուրբ Յովհաննու Աւետարանի գլուխ 17:20-26 համարները: Իսկ Վահան Հովենց երգեց «Տէր կեցո»ի՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրարփի Զիրէքեանցի: Հիւրաբար Արեւմտեան Թեմ այցելող Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպատեան արտասանեց «Հոգւոց» աղօթքը եւ յատկապէս յիշեց Մայր տաճարի գլխաւոր բարերար՝ հանգուցեալ Լեւոն Պարոնեանին անունը՝ հայցելով անոր հոգիին փրկութիւնը: Երգչախումբին կողմէ «Տէր ողորմեա»ի երգեցողութենէն ետք, հոգեւոր հանդիսավար Հայր Ալեքսիս Սմիթի յայտարարութեամբ հաւատացեալները յոտնկայս եւ լռութեամբ մէկ րոպէ յարգեցին ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածներուն յիշատակը: Ապա կատարուած ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին աղօթեցին Լոս Անճելըսի Եպիսկոպոսական Թեմի առաջնորդի օժանդակ եպիսկոպոս Մերի Կլասփուլ եւ Պատուելի Տքթ. Մայքըլ Քիննամոն՝ նախկին գլխաւոր Քարտուղարը՝ Ազգային եկեղեցական խորհուրդի:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ յայտարարուած էր, որ այս տարուան Միջեկեղեցական աղօթքի արարողութեան ընթացքին յատուկ պատուի պիտի արժանանար Լոս Անճելըսի Շրջանի Ամերիկեան Կարմիր խաչը: Առ ի գիտութիւն, Արեւմտեան Թեմը Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ իր կողմէ Կարմիր խաչի խնամակալ մարմնի անդամ նշանակուած՝ Թեմական խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեանի հետ միասին սերտ յարաբերութեան մէջ են Կարմիր խաչի վարչութեան հետ եւ տարուան ընթացքին մի քանի առիթներով առաջնորդարանը նիւթապէս եւս իր աջակցութիւնը կը բերէ ի նպաստ այս հաստատութեան մարդասիրական ծրագիրներուն:
Սրբազան Հօր հրաւէրով արարողութեան ներկայ էին Կարմի խաչի վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ Խնամակալ մարմնի գլխաւոր պաշտօնեայ Ճերըթ Պարիըսի: Կանիմեան հիւրերուն ներկայացուց Պարիըսը՝ շեշտելով անոր ունեցած բարձրագոյն ուսումն ու կարողութիւնները եւ կատարած մարդասիրական ծառայութիւնները: Կանիմեան յայտնեց, թէ 1988-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր երկրաշարժէն ետք, Կարմիր խաչը առաջինը եղաւ, որ օգնութեան ձեռք երկարեց մեր վիրաւոր եւ կարիքաւոր հայրենակիցներուն: Ապա զինք հրաւիրեց, որպէսզի իր սրտի խօսքը ուղղէ ներկաներուն:
Պարիըս նախ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ աշխարհի խաղաղութեան համար կատարուած այս միջեկեղեցական արարողութեան ընթացքին յատուկ պատուի կÿարժանացնէր Ամերիկեան Կարմիր խաչը եւ իր գնահատութիւնը յայտնեց նաեւ՝ Սրբազան Հօր եւ Ժոզէֆ Կանիմեանի սերտ համագործակցութեան համար: Ան տեղեկութիւններ տուաւ Կարմիր խաչի լայնածաւալ գործունէութիւներուն մասին եւ շեշտեց, թէ Հայոց Եղեռնին հետեւանքով տուժածներուն եւ անօթեւան մնացած հայերուն օգնութեան առաջին ձեռք երկարողը եղած է Ամերիկեան Կարմիր խաչը, որ անկէ առաջ եւ յետոյ ալ տարբեր պատերազմներէն տուժած մարդոց բարեսիրական վերաբերմունք ցուցաբերած է: Ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ Կամիր խաչի պաշտօնեաներուն 98 առ հարիւրը կամաւոր ծառայութիւն կը մատուցանէ առանց որեւէ նիւթական վարձատրութեան: Յայտեց, թէ ապագային ահաւոր երկրաշարժ կÿակնկալուի Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ եւ թէ եկեղեցիներ պատրաստ պէտք է ըլլան իրենց յարմարութիւնները տրամադրելու կարիքաւորներուն: Կոչ ուղղեց, որ բոլոր եկեղեցիներն ալ իրենց կամաւոր աջակցութիւնը ցուցաբերեն Կարմիր խաչին՝ կամաւոր ծառայութիւն մատուցանելու, արիւն նուիրելու եւ կամ նիւթապէս օժանդակելու: Անգամ մը եւս անձամբ եւ Խնամակալ մարմնի անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իրենց հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքին համար:
Այս առթիւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ խաչքար մը պատրաստել տուած էր, որ ձօնուած էր Կարմիր խաչին: Սրբազան Հայրը Սեպտեմբեր 27-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ օրհնուած նոր Միւռոնով օծեց այս խաչքարը եւ յայտարարեց, որ ան պիտի զետեղուի Մայր տաճարի պատին վրայ: Ապա գեղեցիկ շրջանակի մէջ առնուած իր օրհնութեան եւ գնահատանաց գիրը յանձնեց Պարիըսի եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց:
Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Կարմիր խաչի կատարած մարդասիրական առաքելութեան, ինք եւս երախտագիտութեամբ շեշտեց, որ Հայոց Եղեռնէն ետք Ամերիկեան Կարմիր խաչը առաջինը եղած էր եղբայրական ձեռք երկարելու մեր տառապեալ ժողովուրդին: Յիշեց նաեւ, թէ Կարմիր խաչը ցարդ աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ պատուաբեր դեր կը կատարէ՝ հասնելով ամէն տեսակ կարիքաւորներուն: Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Արեւմտեան Թեմը անվարան պիտի շարունակէ իր սերտ յարաբերութիւնը Կարմիր խաչին հետ՝ իր բաժինը բերելով անոր առաքելութեան մէջ: Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց արարողութեան մասնակցող եւ ներկայ գտնուող հոգեւորականներուն եւ յատուկ գնահատութիւնը յայտնեց Հայր Ալեքսիս Սմիթին, որ արդէն վեցերորդ տարին ըլլալով կը ստանձնէր հանդիսավարի պաշտօնը:
Այս առթիւ բոլոր հիւրերուն բաժնուեցաւ չորս էջերէ բաղկացած անգլերէնով յօդուած մը՝ որ գրուած էր Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանի պատասխանատու Ասիա Դարբինեանի կողմէ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մի քանի հոգեւորականներու մասնակցութեամբ Մեծ պահոց շրջանին Հսկումի արարողութեան վերաջաւորութեան կատարուած «Փառք քեզ, Տէր Աստուած մեր» մաղթերգով եւ «Պահպանիչ» օրհնութեան աղօթքով փակեց յիշատակելի եւ պատմական Աշխարհի խաղաղութեան աղօթքի օրը: Ապա հոգեւորականներն ու բոլոր հիւրերը հրաւիրուեցան առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահը, ուր Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարի «Բարի Սամարացի» ընկերակցութեան կողմէ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն մը: