ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս Ամանորի շրջանը կը բնորոշուի մեծ ցնծութեամբ։ Պըրպենքի առաջնորդարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ տարեմուտի առթիւ Իրաքահայոց ընտանեկան միութեան եւ շաբաթօրեայ վարժարանի ուսանողութեան առաջնորդարան տուած այցելութիւնը այս ցնծութեան շրջանին մաս կազմեց առանձնայատուկ ոգեւորութեամբ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլորը։ Այսպէս, Իրաքահայերու ընտանեկան միութեան անդամները, անոր հովանիին տակ գործող շաբաթօրեայ վարժարանի ուսանողները այս տարի եւս այցելեցին թեմի բարեջան առաջնորդին՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին եւ անոր օրհնութիւնը ստացան։ Ներկայ էին Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ժոզէֆ Կանիմեան, անդամներէն Վահէ Իսկէնտէրեան, Իրաքահայերու ընտանեկան միութեան հիմնադիր եւ պատուոյ նախագահ Խաչիկ Ճանոյեան, ինչպէս նաեւ շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնուհին, ուսուցչաց կազմը, միութեան անդամները, ծնողներ եւ աշակերտ-աշակերտուհիներ։
Սրբազան հայրը իր բարիգալստեան խօսքին մէջ նախ ողջունեց ներկաները, դրուատեց միութեան հայուղի առաքելութիւնը եւ կապուածութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ ու առաջնորդարանին հանդէպ։ «Եկեղեցին Քրիստոսի Խորհրդական մարմինն է։ Եկեղեցին դուք էք, այստեղ հաւաքուածներս ենք, այս մանուկներն են, որոնք քով-քովի գալով՝ Աստուծոյ կամքը կը կատարեն, աղօթք կը սորվին եւ Սուրբ եւ անմահ Պատարագին մասնակից կը դառնան», մատնանշեց առաջնորդ սրբազանը։ Խօսելով հայ գիրի ու մշակոյթի մասին, սրբազանը կարեւորեց անոր այժմէականութիւնը եւ դերակատարութիւնը մեր կեանքէն ներս. «Առանց հայ գիրի, հայ ոգիին ու մշակոյթին մենք կ՚օտարանանք, կը ձուլուինք եւ մեր հայութենէն ամբողջապէս կը պարպուինք։ Մեր զաւակները հայերէն բարբառելով, հայ մշակոյթին կառչելով՝ իրենց արմատներուն առաւել եւս կը փարին եւ հեռու կը մնան համաշխարհայնացումի վատ ազդեցութիւններէն»։
Ապա խօսք արտասանեց Խաչիկ Ճանոյեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր ջերմ ընդունելութեան եւ հանդիպման համար։ Ան խօսեցաւ միութեան գործունէութեան եւ անոր դիմաց ծառացած բազմապիսի խնդիրներու մասին, որոնք անդամներու անմիջական աջակցութեամբ կը յաղթահարուին։ Իր խօսքի աւարտին Ճանոյեան սրբազան հօր առողջութիւն, ուժ ու կորով մաղթեց իր քրիստոսաուղի ճանապարհին մէջ։
Ներկայ փոքրիկները իրենց դիւթիչ ձայնով քանի մը երգերով հանդէս եկան եւ տարբեր երանգ պարգեւեցին այս հանդիպման, որմէ ետք բոլորուեցան սրբազան հօր շուրջ եւ միահամուռ աղօթեցին աշխարհիս խաղաղութեան, Եկեղեցւոյ անսասանութեան ու Մայր Հայրենիքի բարգաւաճման համար։ Հանդիպման աւարտին Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան իր իսկ հեղինակած աղօթագրքերը նուիրեց իւրաքանչիւրին եւ մաղթեց, որ բացուող Նոր տարին ըլլայ օրհնաբեր, նորանոր նուաճումներով եւ իրագործումներով լի տարի մը։