ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՎԱՉԷ ԱՐՔ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ի Տէր հանգած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վաստակաշատ միաբաններէն Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ստորագրութեամբ, Պըրպենքի առաջնորդարանի աղբիւրները մեծ սրտաբեկութեամբ գուժեցին նորին սրբազնութեան մահը։

Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան երկար տարիներ եղած էր Արեւմտեան թեմի առաջնորդ եւ Լոս Անճելըսի մէջ մնալ շարունակած էր առաքելութիւնը աւարտելէ վերջ եւս՝ միշտ մնալով իր յաջորդի կողքին։ Վախճանեալ սրբազան հայրը նոր շրջանի եկեղեցական իրաւունքի, կարգ-կանոնի եւ նոր կանոնադրութիւններու նախագծերու պատրաստութեան աշխատանքներուն ալ ներգրաւուած էր աշխուժօրէն։  

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2022