Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՒ ԻՐ ԳՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԸ

Պատմութեան անդաստանին մէջ որպէս խորարմատ ծառեր ներկայացող դէմքեր ոչ միայն իրենց վաստակով կը շարունակեն յիշատակուիլ, այլ նաեւ անդադար հոգեմտաւոր սնունդ կը հայթայթեն յաջորդող սերունդներուն։

Այսպիսի բարձրաբերձ ծառերէն է Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը, որուն վախճանման 850-ամեակը համազգային չափանիշով կը յիշատակուի։ Իր օրինակելի սրբակենցաղ վարքը եւ մտաւորական վաստակը կը ներկայանան մեզի, ներկայ ժամանակներու մերազնեայ սերունդին եւ առիթ կ՚ընծայեն անդրադառնալու, որ որպէս ազգ եւ ժողովուրդ ունինք արժէքներ, որոնք անտեսելով իրենց ժամանակներու ընկերային աննպաստ պայմանները, կարելին ի գործ դնելով հարստացուցած են մեր հոգեւոր եւ մշակութային գանձարանը։

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը, զարգացումով եւ գործունէութեամբ տիրացած եկեղեցւոյ վարդապետի լիիրաւ հանգամանքին առընթեր, ծանօթ է նաեւ որպէս մատենագիր, բարեկարգիչ եւ հայրենասէր հոգեւորական եւ այս առումով գրաւած է իր արդար պատուոյ տեղը Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն անձնաւորութեանց դասուն մէջ։ Ս. Ներսէս Շնորհալի, որպէս եկեղեցւոյ մեծ վարդապետ համաքրիստոնէական մշակոյթի պատմութեան մէջ եւս գտած է միջեկեղեցական ճանաչում։ Մանաւանդ «Թուղթ ընդհանրական»ը, «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը, «Ողբ Եդեսիոյ»ն, «Յիսուս Որդի»ն, նաեւ շարականներէն ոմանք օտար լեզուներու թարգմանուելով, առիթ ընծայած են, որ Ս. Հայրապետի գրական վաստակը օտար շրջանակներէ ներս ընդունելութեան արժանանայ1։

Մովսէս Խորենացի իր պատմութեան մէջ կը գանգատի ըսելով. «Թէպէտ մենք փոքր ածու ենք եւ շատ սահմանափակ թիւով եւ շատ անգամ օտար թագաւորութեան տակ նուաճուած, բայց եւ այնպէս մեր աշխարհին մէջ ալ քաջութեան շատ գործեր կան գործուած, գրելու եւ յիշատակելու արժանի, որ անոնց մասին ոչ ոք հոգ տարաւ զանոնք գրի առնելու։ Հիմա այն մարդիկը, որոնք չմտածեցին նոյնիսկ իրենց բարիք մը ընել եւ իրենց անուան յիշատակը թողուլ աշխարհի, որքա՞ն կը յարմարի մեր մեղադրանքը եւ անոնցմէ աւելի մեծ բաներ եւ իրենցմէ առաջ եղածները պահանջելը»2։

Վստահ կրնանք ըսել, թէ Մովսէս Խորենացին այսօր գնահատանքով պիտի արտայայտուէր ի տես այն բոլոր գրութեանց եւ հրատարակութեանց, որոնց ընդմէջէն Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վարքը եւ գրական արտադրութիւնները կը ներկայանան որպէս խօսուն եւ անխորտակելի բարոյական յուշարձաններ, որոնք մեր ժողովուրդին համար կը շարունակեն մնալ արդար հպարտութեան առիթ։ Այսօր մենք մեզի հարց կու տանք Պարոյր Սեւակի «Բայց մեզ էլ գիտենք. Մեզ հա՜յ են ասում։ Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք» հարցումը առաւել կ՚իմաստաւորուի մանաւանդ երբ նկատի կ՚ունենանք Ս. Հայրապետի ընդգրկած կեցուածքը, որուն ցայտուն մէկ գիծն է «կրքոտ սիրել իր ազգը առանց ուրիշին գերադասելու, ուրիշները միշտ յարգելով»։ Նկարագրի գիծ մը, որ սրտբացօրէն իր արտայայտութիւնը գտած է, մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ էր եկեղեցիներու միութեան ցանկալի իրականացման համար տարուած ջանքերը։

Ս. Ներսէս Շնորհալի ծնած է 1102-ին եւ վախճանած՝ 1173-ին, Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն եւ փառաւոր դէմքերէն Ս. Ներսէս Պարթեւ Հայրապետի վախճանումէն ութը դար յետոյ։ Միայն եօթը տարի որպէս Ամենայն Հայոց Հայրապետ պաշտօնավարած Ս. Ներսէս Շնորհալի «հայրապետական գահը փառաւորած է եկեղեցաշէն, մշակութային մեծագործութիւններով, եղբայրական սերտ կապեր պահպանելով նաեւ իր ժամանակի յոյն, լատին եւ ասորիներու հետ էկումէնիկ ոգիով»3։

Վախճանման 800-ամեակին առթիւ Մայր Աթոռի պաշտօնաթերթ «Էջմիածին», իր խմբագրականին մէջ արձանագրած է, թէ եօթանասուն եւ մէկ տարուայ կեանքի ընթացքին «Շնորհալին ստեղծագործեր է աւելի քան 50 տարի՝ 1120-1173 թուականներու ընթացքին, թողած է կրօնական, մեկնողական, դաւանաբանական, ծիսական, պատմական, բանաստեղծական, գիտական, փիլիսոփայական, մանկավարժական, քարոզչական, երաժշտական, շարականագրական, նամակագրական հարուստ եւ բովանդակալից ժառանգութիւն։ Ան իր մատենագրական վաստակով կը հանդիսանայ Հայ մշակոյթի Կիլիկեան առաջին շրջանի բազմավաստակ ներկայացուցիչներէն մէկը, համաքրիստոնէական անուանի գործիչ եւ նոյնքան մեծ մատենագիր»4։

Այս տողերու արձանագրութենէն կէս դար յետոյ, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի համազգային չափանիշով կը յիշատակուի Ս. Հայրապետը իր աղօթանուէր եւ սրբասնունդ կեանքի օրինակով ու անկորնչելի վաստակով։ Պէտք է նշել, թէ Ս. Ներսէս Շնորհալիի մատենագրական վաստակը մեծաւ մասամբ կը պատկանի նախ քան իր կաթողիկոսութիւնը անցած ժամանակահատուածին, երբ կը գործէր որպէս աջ բազուկը իր եղբօր՝ Գրիգոր Գ. Պահլաւունի Ամենայն Հայոց Հայրապետին։

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի անդրանիկ երկասիրութիւնն է «Վիպասանութիւն»ը, գրուած՝ 1021-ին, հայրենասիրական ոգիով, որ կը ներկայացնէ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը սկիզբէն մինչեւ իր ժամանակները։

Պարտապան հօրն է որդի
Հատուցանել վարձ ծնողի
Եւ անդրադարձ փոխարինի
Բազում երկանցն պատշաճի
բայց սակայն ոչ վարկպարազի,
Այլ զօրութեամբ եւ ըստ կարգի,
Զի է եւ այս օրինի:

բառերով սկսած երկասիրութեան մէջ հայրենաշէն եւ եկեղեցանուէր աշխատանքները դրուատելու առընթեր, իր հակակրանքը կ՚արտայայտէ անոնց դէմ, որոնց պատճառաւ յառաջացած էին ժամանակի աննպաստ ու դժուարին կեանքի պայմանները։ Հակառակ անոր, որ վիպասանութեան վերջաւորութեան տասնեւիննամեայ երիտասարդ Շնորհալի իր անձը կ՚որակէ «նուաստացեալ համբակ», իր երկասիրութիւնը գնահատուած է իր ժամանակին Շնորհալիի կենսագրին5 եւ ապա՝ իրմէ 150 տարի յետոյ Վահրամ Վարդապետի կողմէ6 որ պատմութիւնը շարունակած է գրելով.

«Տէր Ներսիսի լուսազարդեալ
Հայրապետին զայս բան գրեալ,
Ըզպատմութիւնս Հայոց առեալ
Ոտանաւոր տաղիւ չափեալ…
Զոր ընթերցեալ եւ ծանուցեալ
Լեւոն արքայն Հայոց օծեալ,
Նուաստութեանս իմ հրամայեալ
Ի սուրբ հօրէն առնուլ դարձեալ
Որ մինչ ի մեզ եղեւ հասեալ»7

Վիպասանութեան մասին ընդարձակ վերլուծանով հանդէս եկած է հոգելոյս Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ Գրիգորեան (յետագային արքեպիսկոպոս եւ Հայրապետական պատուիրակ Կեդրոնական Եւրոպիոյ եւ Շուէտի) Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 800-ամեակին առթիւ8։

Ներսէս Շնորհալիի քերթողական արուեստի գլխաւոր ու կարեւոր նմոյշ մըն է «Ողբ Եդեսիոյ» քերթուածը, գրի առնուած՝ 1145-ին։ Եդեսիան, որ կը գտնուէր խաչակիրներու տիրապետութեան ներքեւ, քաղաքի կառավարիչ Ճոսլին իշխանի անփութութեան իբր հետեւանք, Էմաէտտին Զանգի ամիրան պաշարեց քաղաքը, որ 1144 թուին իրեն ենթարկեց։ Քաղաքի անկման եւ կործանման համազօր աւերմունքին առթած ցաւը խորապէս վիրաւորած էր Շնորհալին, որուն Շահան զօրավար եղբօրը որդի՝ Ապիրատ իշխանին ականատեսի վկայութեան յառաջացուցած տպաւորութեան կը պարտինք «Ողբ»ի գրառութիւնը, որուն մասին կը վկայէ իր կենսագիրը. «Գրէր եւ ողբս ի վերայ առման մեծին Եդեսիայ նովին արուեստիւ յոյժ գեղեցիկ եւ յարմարական պատմութեամբ, որ զամենայն ընթերցողսն շարժէ»9։ «Ողբ»ը գրուած է դիմառնական ոճով։ Եդեսիա քաղաքը կը ներկայանայ «որպէս որդեկորոյս այրի կին մը, որ կը խօսի քրիստոնէական աւանդութիւններով հարուստ իր փառաւոր անցեալի մասին եւ ապա, աւերակներու վրայ նստած, կ՚ողբայ իր գլխուն եկած աղէտը ու համայն քրիստոնեայ աշխարհը՝ Անտիոքը, Երուսաղէմը, Կոստանդնուպոլիսը եւ Հռոմը կը հրաւիրէ որ ողբակցին իրեն»10։ Հեղինակը թէեւ իր գործը կ՚որակէ «իբրեւ տղայոց եւ տխմարաց համար հասարակօրէն գրուած մը եւ ոչ գիտնոց համար ոճով բան մը» սակայն ըստ վկայութեան Ղեւոնդ Վրդ. Ալիշանի «յետագայք մեծ յարգիւ ընդունած են, անոր թէ վայելուչ, թէ սրտառուչ զրուցուածոց եւ թէ ճարտար բարառնութեանց, նկարագրութեանց եւ դրուագաց համար»11։ «Ողբ Եդեսիոյ» քերթուածը առաջին անգամ լոյս ընծայուած է 1810-ին Մատրաս քաղաքին մէջ եւ այս հրատարակութիւնը գրքի նախաբանին մէջ որակուած է որպէս «կորսուած եւ գտնուած դրամ»12։

Ինչպէս «Վիպասանութեան», նոյնպէս ալ «Ողբ Եդեսիոյ» քերթուածին մասին ընդարձակ վերլուծանով հանդէս եկած է Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ Գրիգորեան, Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 800-ամեակին առթիւ13։

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի երրորդ երկասիրութիւնն է «Բան Հաւատոյ»ն, գրի առնուած՝ 1151-ին, Հռոմկլայի հայրապետանոցին մէջ, ընդհանրական եկեղեցւոյ մեծանուն հայրապետներու դաւանաբանական գրութեանց հետեւողութեամբ։ Հայրապետը քերթուածի յիշատակարանին մէջ կը յայտնուի խոնարհ հաւատացեալի տիպարը.

«Վասն Աստուծոյ խօսել զայս բան
Ինձ ոչ էր անկ եւ ոչ նման.
Զի սիրտ յիմար անձն անարժան
Ոչ է տեղի իմաստութեան։
Պարտ է սրբոյն սուրբ բնակարան,
Եւ մաքրելոյն մաքուր կայեան.
Ապա լինել աստուածաբան»14։

Շնորհալիի քերթողական տաղանդը ի յայտ եկած է «Յիսուս Որդի» երկարաշունչ քերթուածով, գրի առնուած՝ 1152-ին, ընդ գլխարկման «Տեառն Ներսեսի Նուէր մաղթանաց. Ներչափական Տաղիւ Տուողին Բանիցն Ըղձումն Աղօթից. Ներանձնական Հոգւոց. Զարթուցելոց Մտօք Ի թմբրութենէ կրից Յիշատակաւ անցելումն իրի Ներկայի եւ ապագայի. Ողբումն Հեծութեան Սրտի Խօսք ընդ Աստուծոյ»։

Քերթուածի տողերուն մէջ, Հին եւ Նոր կտակարանի պարունակութեան առընթեր, կը ներկայացուի մարդկային պատմութեան անցեալը, ներկան եւ ապագան։ Նաեւ ըլլալով «Սրտի Խօսք ընդ Աստուծոյ», ողջ պարունակութեամբ ունի աղօթամատեանի բնոյթ, որ կը ցոլացնէ հայրապետի աղօթանուէր կենցաղը, որուն համար «աղօթելը աշխատիլ էր եւ աշխատիլը՝ աղօթել»15։ Այս առումով ունէր հասարակաց գիծ մը աղօթանուէր վանականին՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հետ, որ «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ» արտասանած աղօթքի բառերը, որպէս «սրտի հեծեծալից հառաչանքներուն ողբաձայն աղաղակը կը վերընծայէր գաղտնիքները տեսնող Տիրոջ, եւ այրուող հոգիին թախծութեան կրակին վրայ դնելով սասանած մտքին ճենճերող իղձերու պտուղը, կամքին բուրվառովը կը ձօնէր Անոր»16։ «Յիսուս Որդի»ն աղօթասէր հաւատացեալի մօտ «Մատեան Ողբերգութեան»ի չափ ընդունելութիւն գտած ըլլալով, ըստ Գարեգին Վրդ. Զարբհանալեանի առաջին անգամ տպագրուած է 1643-ին17, յետագային արժանանալով այլ տպագրութեանց։ 1974-ին քաղաքիս մէջ լոյս տեսած է երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի կատարած աշխարհաբարի թարգմանութիւնը։

Աղօթասէր հաւատացեալներու քաջածանօթ «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքը եւս ըստ ժամանակագրական արձանագրութեան ժամանակակից է «Յիսուս Որդիի» քերթուածին։ Շնորհալի այս աղօթքը գրառած է նկատի ունենալով օրուան քսանեւչորս ժամերը, իւրաքանչիւր ժամուն համար մէկ տուն։ Շնորհալի, աղօթանուէր կեանքի փորձառութեամբը, եղած է արժանաւոր հետեւող մը մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի, որ աղօթել սորվելու փափաքով իրեն դիմող աշակերտներուն սորվեցուց «Տէրունական աղօթք»ը։ Երբ Մեծ պահոց ընթացքին եւ կամ այլ առիթներով կատարուած հանգստեան ժամերգութեան ընթացքին կ՚ընթերցենք «Հաւատով Խոստովանիմ»ը, կը նշմարուի բարեպաշտ մամիկներու անգիր մասնակցութիւնը աղօթասացութեան։ Թարգմանուած ըլլալով 36 լեզուներու, այլալեզու անհատներ եւս հաղորդ դարձած են աղօթքի պարունակութեան, որուն իւրաքանչիւր տան վերջաւորութեան արտասանուած «եւ ողորմեա քո արարածոց եւ ինձ բազմամեղիս» բառերը կը յիշեցնեն, թէ հեղինակ հայրապետը թէ՛ իր անձին եւ թէ ընթերցողներու համար ողորմութեան խնդրանք ներկայացուցած է։

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի կարեւորագոյն գործերէն է այն սքանչելի «Ատենաբանութիւն»ը, զոր արտասանած է 1166 ապրիլ 17-ին, Ծաղկազարդի իր եղբօր՝ Գրիգոր Գ. Պահլաւունիի ձեռամբ կաթողիկոս ձեռնադրութեան առիթով։ Շնորհալի սոյն ատենաբանութեամբ դիմած է եպիսկոպոսներուն, վարդապետներուն եւ համօրէն եկեղեցական դասուն։ Արտայայտուած է հայրապետական անձուկ վիճակին եւ գործի դժուարութեան մասին։ Հայրապետական Աթոռը պանդխտական կենաց մէջ նկատելով, ցաւ յայտնած է, թէ չէ ժառանգած սրբութեան լեռը, որ է հին հայրապետանոցը, ինչպէս նաեւ նեղուած՝ այլակրօն արտաքիններէն, որոնք հակառակ են հաւատքի։ Նաեւ անոնց առընթեր նեղուած է անունով քրիստոնեաներէ, ակնարկելով գլխաւորաբար Յոյն եւ Լատին ազգերուն, որոնց պատճառաւ եկեղեցին մնացած էր Հռոմկլայ, ընդ գերիշխանութեան Հալէպի սուլթաններուն18։

Ներսէս Շնորհալի, 1166-ին, Ատենաբանութենէն երեք ամիս յետոյ, հրապարակած «Ընդհանրական Թուղթ»ով իր անդրանիկ հովուապետական պատգամը կը փոխանցէ Հայ ազգի ընկերային ամէն դասակարգին, իւրաքանչիւրին ուղղելով խրատներ եւ ցոյց տալով ծառայութեան ուղիղ ճանապարհներ։ «Ընդհանրական Թուղթ»ը կը ներկայացնէ նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքին հիմնական սկզբունքները, եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնները եւ աւանդութիւնները։ Կը դիմէ կրօնաւորներուն, վանական ուխտերու առաջնորդներուն, եկեղեցւոյ առաջնորդներուն, քահանայից դասուն, իշխաններուն, զինուորաց դասերուն, քաղաքներու բնակիչներուն, երկրագործներուն եւ կիներուն։ «Ընդհանրական Թուղթ»ը ընկալուած է նաեւ որպէս կարեւոր պատմական փաստաթուղթ։ «Ընդհանրական Թուղթ»ի զանազան հրատարակութեանց կարգին լոյս տեսած են նաեւ աշխարհաբար տարբերակները, որոնց առաջինը եղած է 1853-ին Պոլսոյ մէջ, թարգմանութեամբը Սամաթիոյ Ս. Սահակեան վարժարանի ուսանողներուն։ Այս հրատարակութենէն 120 տարիներ յետոյ կրկին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի թարգմանութեամբ։

Ս. Հայրապետը ունի շուրջ երեքհարիւր «Հանելուկներ», զորս «Առակ» կոչած է, գրի առած՝ ուսումնական եւ կրթական նպատակներով։ Ներսէս Շնորհալի այս սեռը մշակած ու գրականացուցած է ո՛չ թէ պարզ ժամանցի համար, այլ՝ իշխանէն մինչեւ ռամիկը, մանուկէն մինչեւ տարեցը դաստիարակելու մտադրութեամբ, հաճելիին միացնելով օգտակարը, որ է տրամաբանութեան զարգացում, գիտելիքի փոխանցում, առաքինութեան ճանաչում: «Հանելուկներ»ու քառեակներու մէջ ծածկուած կը տողանցեն կրօնի եւ հայոց պատմութեանց դէմքերը, բուսական եւ կենդանական աշխարհը, բնութեան երեւոյթները, տարուան եղանակները, երկնային մարմինները։ Որպէս հովիւ բանաւոր հօտի նկատի ունեցած է ընկերային զանազան շարքերէն ներս յառաջացած բարքերու շեղումներու մասին եղած լսումները, գրի առած է հանելուկներ առաւելաբար քաղելով ժողովրդական աւանդութիւններէ, յիշեցնելով՝ զէնքի մարդոց իրենց ուժն ու քաջութիւնը հայրենիքին ի սպաս դրած առասպելական հերոսները, իսկ խաչի նուիրեալներուն՝ Աստուածաշունչի ամբասիր դէմքերն ու դրուագները19։

Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր երաժշտութեան գանձարանը հարստացած է Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի շնորհիւ20։ Յատկապէս երաժշտական ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններուն համար Ս. Ներսէս Հայրապետի շնորհուած է Երգեցող պատուանունը։ Անոր շարականներուն, տաղերուն եւ գանձերուն թիւը կ՚անցնի 100-ը։

Երբ նկատի կ՚ունենանք «Ժամագիրք»ը, Ս. Հայրապետը կը յայտնուի որպէս եկեղեցական ծիսակատարութեանց վերանորոգիչ եւ պաշտամունքներու բարեկարգիչ, նման Սահակ Պարթեւ, Յովհան Մանդակունի եւ Յովհան Օձնեցի սուրբ հայրապետներու։ Գիշերային ժամերգութեանց ընթացքին երգուած «Յիշեսցուք ի գիշերի» երգը գրի առնուած է Կաթողիկոսարանի պահակ զինուորներուն համար։ Բաց աստի ժամագիրքի գիշերային ժամերգութեան բաժնին մէջ տեղ գրաւած «Աշխարհ ամենայն», «Առաւօտ լուսոյ», «Աստուած անեղ» «Այսօր անճառ» երգերը, որոնց իւրաքանչիւր տունը կը սկսի ԱԲԳ-ի կարգաւ։ Նաեւ «Նորոգող տեզերաց» երգը, որուն իւրաքանչիւր տան առաջին տառերով կը կազմուի «Ներսէսի է բանս այս» նախադասութիւնը։

Առաւօտեան ժամերգութեան «Արարչական» երգը իւրաքանչիւրը ԱԲԳ-ի կարգաւ, կ՚երգուի երկուշաբթիէն սկսեալ շաբթուան վեց օրերուն համար, իսկ կիրակի օրերու «Նորաստեղծեալ»ի իւրաքանչիւր տունի առաջին տառերը կը կազմեն «Ներսէս» բառը։ Խաղաղական ժամերգութեան «Նայեաց սիրով» երգի իւրաքանչիւր տունի առաջին տառերը կը կազմեն «Ներսէսի է երգ» նախադասութիւնը։ Արեւագալի, ճաշու ժամերգութեանց երգերը եւս արդիւնքներն են Ս. Հայրապետի գրչին, առանց որոնց արարողութիւնները պիտի ըլլային զուտ սաղմոսերգութիւն։

Շնորհալի Հայրապետը իր գրչի վաստակով նաեւ հարստացուցած է Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։ Հայ Եկեղեցւոյ գոհար երգարան՝ «Շարակնոց»ը իր առաջին իսկ էջին այլ շարականագիրներու կարգին արձանագրած է Ս. Հայրապետի անփոխարինելի վաստակը։ Ս. Ներսէս Շնորհալի հեղինակած է Տէրունական տօներու նուիրուած շարականներ, վկայաբանական եւ դաւանաբանական շարականներ, ազգային թեմաներով գրուած շարականներ եւ հայրենասիրական շարականներ, որոնք առանձին ուսումնասիրութեանց պարագային ըստ բաւականի նիւթ կ՚ընձեռեն։

Ս. Ներսէս Շնորհալի ունի նաեւ տաղեր, մեղեդիներ եւ գանձեր, որոնք իր հեղինակած շարականներու եւ ժամագիրքի մէջ տեղ գտած երգերու առընթեր, Հայ Եկեղեցւոյ ժամերգութեանց ճոխացման մէջ ունեցած են կարեւոր ներդրում21։

Ս. Ներսէս Շնորհալի մեկնողական կալուածէն ներս եւս ունի կարեւոր գործեր, որոնց կարգին կը նշուի Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսոփայի Սուրբ Խաչի վրայ գրի առած «Բարձրացուցէք զՏէր Աստուած մեր» ճառի մեկնաբանութիւնը, Հաղբատ Վանքի վանահայր Վարդան Վարդապետի խնդրանքով։

Մատթէոսի Աւետարանի մինչեւ Ե. գլխոյն 17-րդ համարը եղած բաժնի մեկնութիւնը կը պարտինք իրեն։ Մնացեալ մասը ամբողջացուցած է Յովհաննէս Երզնկացի՝ մականուանեալն Ծործորեցի։

Շնորհալի ունի նաեւ եօթն թղթոյն կաթուղիկեայց մեկնութիւն մը, հետեւողութեամբ Ոսկեբերանի, Կիւրղի, Բարսեղի, Գրիգորեանց եւ այլ վարդապետաց։ Այս մեկնութեան ընդօրինակութեան ձեռագիրը կը գտնուի Վենետիկ, Մխիթարեանց մատենադարանը։

Որպէս քերթող, ընդառաջելով բժիշկ եւ աստղագէտ Մխիթար Հերացիի խնդրանքին, 1160-ին գրի առած է «Յաղագս երկնի եւ զարդուց նորա» տիեզերագիտական բանաստեղծութիւնը, որուն երկրորդի տան սկզբնագրերը կը կազմեն «Մխիթար բժիշկ, ընկալ ի Ներսիսէ զայս բան»։

Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի հեղինակութեանց մէջ կարեւոր տեղ ունի նաեւ իր նամակները22, որոնք իրենց պարունակութեամբ կը յայտնաբերեն Ս. Հայրապետի ամուր փարումը Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան, որոնց մէջէն կը յայտնուի հաւատարիմ հոգեւորականը այն եկեղեցւոյ որ ծնունդ տուած էր իրեն։ Այս կարգէն են Բիւզանդիոնի կայսեր՝ Մանուէլի, Յունաց Միքայէլ Պատրիարքի, Ասորւոց Միքայէլ Պատրիարքի հետ ունեցած թղթակցութիւնները, որոնց միջոցաւ պաշտպանած է Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանութիւնը եւ աւանդութիւնները, որոնց կէտ նպատակը եղած է, սատարել՝ թիւրիմացութեանց պատճառաւ եկեղեցիներու եւ ժողովուրդներու միջեւ գոյացած խրամատի բարձման։ Բաց աստի Ս. Հայրապետը ունի նաեւ տարբեր ժամանակներուն զանազան անձերու գրուած նամակներ, զանազան հարցերու կապակցութեամբ։

Շնորհալի իր եղբօր՝ Գրիգոր Պահլաւունի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ գրի առած է «Ներբող Սրբոց Հրեշտակապետաց եւ ամենայն երկնային զօրաց»ը, ինչպէս նաեւ տաղաչափեալ «Մաղթանք առ սուրբ հրեշտակսն»ը որոնք Հայ Եկեղեցւոյ հրեշտակաբանութեան կարեւորագոյն գործերէն են23:     

Շնորհալի Հայրապետը ունեցած է նաեւ թարգմանական գործեր, որոնց կարգին կը նշուին «Վարք Սուրբ Պարսամայ», «Ներբողեան Յովհաննու Ոսկեբերանի, ի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչն Հայոց», «Վարք Տարագրոսի եւ Պրոբոսի»24։

Որպէս վերջաբան կը բաժնենք Ս. Հայրապետի մասնայատկութիւնները, շեշտադրուած՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ կոնդակով.

«Սուրբ Ներսէս Շնորհալու ողջ կեանքն ու գործունէութիւնը Աստուծոյ փառաբանութիւն էր եւ մարդկանց սրտերը Աստուծոյ մերձեցնելու տքնաջան առաքելութիւն։ Ան, անյոգնաբեկ քարոզչութեամբ Տիրոջ պատուիրանները կ՚ուսուցանէր հաւատացեալներուն։… Մեծանուն Հայրապետը հովուեց հայոց հօտը դժուարին ու աղէտալի ժամանակներու մէջ, մեծ ցաւ ու տրտմութիւն կրելով մեր ժողովուրդի տարագրուած ու գաղթական դարձած բազում զաւակներու համար։ Ան հայրաբար խրատական իր ազդու խօսքը կ՚ուղղէր բոլորին՝ իշխաններէն մինչեւ զինուոր ու շինական, եպիսկոպոսներէն մինչեւ քահանայ, սարկաւագ ու դպիր՝ հաւատով զօրացնելով եւ գիտելիքներով սնուցելով բոլորը։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի հոգեթով խօսքը, նշանակալի աշխատութիւնները, տաղերն ու գանձերը՝ իւրայատուկ մտքի խոյանքով ու վայելուչ ոճով, ուղղուած են հայոց ազգային-քրիստոնէական ինքնութեան պահպանման, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի բարձրացման ու բիւրեղացման։ Սուրբ Հայրապետի բեղուն գրչի արգասիքները բարեզարդեցին մեր Եկեղեցւոյ ծիսակարգերը, արթուն պահեցին մեր ժողովուրդի քրիստոնէական հոգին ու միտքը եւ լուսաւորեցին անոր քարքարոտ ուղին դէպի հոգեւոր եւ ազգային զարթօնքի նոր հորիզոններ»։

Բիւր յարգանք իր անկորնչելի վաստակին։


1 Աճեմյան, Շահէ Արքեպիսկոպոս, « Շնորհալին Օտար Թարգմանութեամբ», Էջմիածին, 1973, Լ Տարի, համար ԺԲ, էջ՝ 44-48։

2 Մովսես Խորենացի, Ե. Դար, «Հայոց Պատմություն», թարգմ., ներած. եւ ծանօթ. Ստ. Մալխասյանց, Երեւան, 1997, Գիրք Ա, գլ. Գ., էջ՝ 70-71։

3 Շահբազյան Պարգեւ, «Սուրբ Ներսէս Շնորհալու Կյանքը եվ մատենագրական վաստակը», Էջմիածին, 1973, Լ Տարի, համար ԺԲ, էջ՝ 73։

4 Խմբագրական, «Ս. Ներսես Շնորհալու Մահվան 800-ամյակը (1173-1973)», Էջմիածին, 1973, Լ Տարի, համար ԺԲ, էջ՝ 7։

5 «Սրբոյն Ներսեսի Շնորհալւոյ Պատմութիւն Վարուց», Վենետիկ, 1854, Էջ՝ 40։

6 Ալիշան Ղեւոնդ Վարդապետ, «Շնորհալի եւ Պարագայ Իւր», Վենետիկ, 1873, էջ՝ 77։

7 Զարպհանալեան Գ. Վրդ. «Հայկական Հին Դպրութեան Պատմութիւն (Դ-ԺԳ Դար)», Բ. Տպագրութիւն, Վենետիկ, 1886, էջ՝ 762։

8 Գրիգորեան, Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ, «Շնորհալւոյ հայրենանուէր երկասիրութիւնները», Բազմավէպ, թիւ՝ 3-4, Վենետիկ, 1973, էջ՝ 502-515։

9 «Սրբոյն Ներսեսի Շնորհալւոյ Պատմութիւն Վարուց», Վենետիկ, 1854, Էջ՝ 40։

10 Շահբազյան Պարգեւ, «Սուրբ Ներսէս Շնորհալու Կյանքը եվ մատենագրական վաստակը», Էջմիածին, 1973, Լ Տարի, համար ԺԲ, էջ՝ 76։

11 Ալիշան Ղեւոնդ Վարդապետ, «Շնորհալի եւ Պարագայ Իւր», Վենետիկ, 1873, էջ՝ 199։

12 «Ողբ Եդեսեայ քաղաքի Վայելչահիւս չափաբանութեամբ շարադրեալ՝ Սրբոյն Ներսէսի Շնորհալւոյ Հայոց Կաթուղիկոսի Կլաեցւոյ», Յամի Տեառն 1810։ Եւ ի թուին Հայոց 1259 ի Մայիսի 20, Արդեամբ եւ ծախիւք Պարոն Սարգիս Ծատուր՝ Աղաւալեանց կոչեցելոյն, եւ ի նորին տպարանի, որ ի Մատրաս։ Գրքի նախաբանը «Առ բարեմիտ ընթերցողս»։

13 Գրիգորեան, Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ, նոյն անդ. էջ՝ 515-525։

14 Տն. Ներսեսի Շնորհալւոյ Հայոց Կաթողիկոսի Բանք Չափաւ», Վենետիկ, ՌՄՀԹ (1830), Էջ՝ 222։

15 Գալստյան, Շնորհք Արքեպս.[Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ], «Սուրբ Ներսես Շնորհալի Հայրապետը, Խոսք երախտիքի եւ մեծարանքի անձին եւ գործին հանդէպ», Էջմիածին, 1973, Լ Տարի, համար ԺԲ, էջ՝ 19։

16 Հմմտ. «Նարեկ, Աղօթամատեան Ս. Գրիգոր Նարեկացւոյ», Արդի Հայերէնի վերածեց՝ Թորգոմ Եպիսկոպոս [Գուշակեան], Ստանպուլ, 1955, Բան Ա, էջ՝ 23։

17 Զարպհանալեան Գ. Վրդ. «Հայկական Մատենագիտութիւն», Վենետիկ, 1883, էջ՝ 436-462։ Տես նաեւ՝ «Հայ Հնատիպ Գրքի Մատենագիտական ցուցակ, 1512-1800», Երեւան, 1963, Էջ՝ 13-14։ Սոյն աշխատասիրութեան մէջ (էջ՝ 6) արձանագրուած է նաեւ 1565ի տպագրութիւն մը, որ կասկածելի նկատուած է։ Արդէն իսկ «Հայ Գիրքը 1512-1800 Թվականներին», Երեւան, 1988, չէ ներառած սոյն հրատարակութիւնը։

18 Օրմանեան, Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս, նախկին Պատրիարք, «Ազգապատում» Ա. Հտր., Պէյրութ, 1959, Յդծ. 952, Սիւնակ՝ 1388-1389։

19 Գեղարդ, Յ., «Ներսէս Շնորհալի Հանելուկագիր», Հասկ, տարի ԽԲ, թ. 11-12, Անթիլիաս, Լիբանան, 1973, էջ՝ 499-501։ Տես նաեւ՝ Ավդալբեգյան, Մ.Թ., «Ներսես Շնորհալի Մանկավարժն ու Մանկագիրը», Ներսես Շնորհալի (Հոդուածների Ժողովածու) գրքէն, Երեվան, 1977, Էջ՝ 63-66։

20 Հակոբյան Գ. Ա., « Ներսես Շնորհալին եվ Հայոց հոգեւոր երգերը», Էջմիածին, 1973, Լ Տարի, համար ԺԲ, էջ՝ 93-99։

21 Շահբազյան Պարգեւ, «Սուրբ Ներսէս Շնորհալու Կյանքը եվ մատենագրական վաստակը», Էջմիածին, 1973, Լ Տարի, համար ԺԲ, Էջ՝ 81։

22 Նամականի« ԺԲ Դար, Հայ-Բյուզանդական Եկեղեցական Բանակցություններ, Սբ Ներսես Շնորհալի, Գրաբարից Թարգմանությունն Ու Ծանոթագրությունները՝ Սեդա Ստամբոլցյանի, Ս. Էջմիածին, 2011։

23 Քյոսեյան, Յակոբ, «Հայ Եկեղեցական Մատենագրութիւն», Գէորգեան Ճեմարան, քաղուած՝ Էջ՝ 385։

24 Շահբազյան Պարգեւ, «Սուրբ Ներսէս Շնորհալու Կյանքը եվ մատենագրական վաստակը», Էջմիածին, 1973, Լ Տարի, համար ԺԲ, Էջ՝ 80։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2023