ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԵՑ Տ. ԱԲՐԱՀԱՄ ՔՀՆՅ. ՄԱԼԽԱՍԵԱՆԻ ԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեանը, որ Ֆորտհըմի համալսարանէն ներս Աստուածաբանական գիտութիւններու տոքթորի կոչման արժանացած է։ Ան, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմէն ներս տարած հովուական ծառայութեան առընթեր, Ֆորտհըմի համալսարանի Կրօնագիտութեան ֆաքիւլթէէն ներս տարած է գիտական լուրջ աշխատանք մը՝ պաշտպանելով տոքթորական թեզ մը, որու նիւթը եղած է՝ «Հայ Եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր հօտէն անջատման խնդիրը նոր հազարամեակին ընդառաջ»։ Միեւնոյն ժամանակ տէր հայրը կը դասախօսէ Նիւ Եորքի Սուրբ Յովհաննէս համալսարանին մէջ։ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ իր ուսումնառութիւնը շարունակած է Ֆորտհըմի համալսարանէն ներս։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց իր տոքթորական աշխատանքը, որու նպատակը եղած է բացայայտել այն արդի մարտահրաւէրները, որոնց հետեւանքով երիտասարդ ընտանիքները կը դժուարանան մասնակից ըլլալ եկեղեցական կեանքին ու անոնց յաղթահարման ուղիներ գտնել։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ տէր հօր գիտական ձեռքբերման՝ ընդգծելով, որ սոյն աշխատութիւնը կարեւոր նպաստ մըն է հովուական աստուածաբանական ոլորտէն ներս եւ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, որպէսզի հոգեւորականները մօտէն ծանօթանան երիտասարդներու վերաբերեալ հիմնահարցերուն։ Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ արձանագրեց, որ եկեղեցականները հովուական ծառայութեան զուգահեռ կը ծաւալեն նաեւ գիտական գործունէութիւն՝ հարստացնելով իրենց գիտելիքները ի նպաստ հոգեւոր ծառայութեան առաւել արդիւնաւորման։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը առ ի գնահատանք Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեանին ընծայեց լանջախաչ մը։ Տէր հայրն ալ Նորին Սրբութեան յանձնեց իր թեզի աշխատութիւնն ու տոքթորական կոչման վկայականը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2023