ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՀԱՒԱՔ

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասը Ամանորի առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ համախմբուեցաւ՝ գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Դեկտեմբերի 31-ի երեկոյեան, ըստ ընկալեալ սովորութեան, տեղի ունեցաւ երեկոյեան կանոնական ժամերգութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները։ Այս առթիւ եկեղեցական հայրերը ծնրադիր միասնաբար երգեցին «Տէր ողորմեա»ն։

Աղօթքի աւարտին հոգեւոր հայրերը համախմբուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ անոնց ամանորեան հաւաքը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ փոխանցեց իր պատգամը, որու ընթացքին բարեմաղթութիւններ ըրաւ նոր տարուան առթիւ՝ շեշտելով մեր համայնքէն եւ եկեղեցիէն ներս միասնականութեան ու համերաշխութեան կարեւորութիւնը։

Արձակման աղօթքէն վերջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին հոգեւոր հայրերը փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։

Միւս կողմէ, երէկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Ամանորի Ս. Պատարագին նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2023