ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ ՑԱՒԱԿԻՑ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցին ներկայ տարեմուտին կը սգայ Պենետիքտոս ԺԶ. պատուաւոր Պապին կորուստը։ Այս կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր ցաւակցական մը ուղարկեց Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին։ Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցականին մէջ յանուն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան եւ հաւատաւոր ժողովուրդին վշտակցագիր մը յղած է Սրբազան Պապին։ Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս նշած է հետեւեալը.

«Աւելի քան եօթանասուն տարի Նորին Սրբութիւնը անսահման նուիրումով ու յանձնառութեամբ ծառայեց Եկեղեցւոյ եւ կարեւոր դեր խաղաց կաթոլիկ աստուածաբանական աւանդութեան զարգացման գործին մէջ։ Մենք ջերմօրէն կը յիշենք Նորին Սրբութեան հետ մեր հանդիպումները եւ գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ երջանկայիշատակ Պապի՝ եկեղեցւոյ տարիներու նուիրեալ ծառայութեան համար։ Սրտաբուխ աղօթք առաքելով առ Տէրն Իր հաւատարիմ ծառայի հանգստութեան համար՝ կը խնդրենք բարերար Աստուծմէ ընդունիլ զինքը Իր յաւիտենական երանութեան մէջ»։

Հարկ է նշել, որ Պենետիքտոս ԺԶ. պատուաւոր Պապի յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է յունուարի 6-ին։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2023