Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը Ամանորի կէս գիշերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն համայն հայութեան ուղղեց իր պատգամը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Սրբութեան Նոր տարուան վերաբերեալ խորհրդածութիւնը։

*

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս,

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը, սէրն ու բարեմաղթանքները կը բերենք բոլորիդ։

Նոր տարուան սեմին ենք մեր սպասումներով ու յոյսերով, նաեւ անհանգիստ սրտով ու մտահոգութիւններով։ Անցեալ տարին մեր ժողովուրդին համար զերծ չեղաւ տագնապներէ, ունեցանք նոր զոհեր ու կորուստներ։ Հայրենիքը տակաւին կանգնած է անվտանգային մարտահրաւէրներու առջեւ, թշնամական նշանառութեան տակ են մեր սահմաններն ու խաղաղ բնակավայրերը։ Արցախաբնակ Մեր զաւակները աննկուն ոգիով կը շարունակեն պայքարիլ յանուն իրենց անկախ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան՝ դիմագրաւելով բազում նեղութիւններ՝ նաեւ Լաչինի ճանապարհի արգելափակումով պայմանաւորուած։ Այսպիսի դժուարին իրավիճակներու մէջ մենք չենք կարողացած մեր ազգային ներուժով լիարժէք միաբանուիլ հայրենիքը զօրացնելու եւ ծանր կացութենէն դուրս բերելու համար։ Այսօր աշխարհը ալեկոծող աշխարհաքաղաքական սուր դիմակայութիւնները, որոնք տեղի տուած են հոգեւոր, ընկերային եւ տնտեսական բազմազան խնդիրներու, նոյնպէս իրենց անմիջական ներգործութիւնը կ՚ունենան մեր տարածաշրջանէն ներս ծաւալուող զարգացումներուն վրայ։

Այդուհանդերձ, առ Աստուած ապաւինութեամբ Ամանորի այս երեկոյ մենք բարեմաղթանքներ կ՚ուղղենք իրարու։ Բարեմաղթանքներ՝ աշխարհի խաղաղութեան, մեր հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան ու յառաջընթաց կեանքի։ Մեր հոգիին մէջ առաւելաբար ակնկալիքներ են մեր կորուստներու վերականգնման, յառնած խնդիրներու յաղթահարման եւ ազգային մեր կեանքի նորոգութեան։

Սիրելիներ, քրիստոնեայի առաքելութիւնն է ապրիլ յոյսով եւ ըլլալ լաւատես՝ համոզումով, թէ, ինչպէս կ՚ըսէ առաքեալը, «յոյսը երբեք չ՚ամաչցներ» (Հռ. 5. 5)։

Պետութիւնները կը կործանուին, ժողովուրդները կ՚անհետանան ո՛չ թէ փորձութիւններու ծանրութենէն, այլ յոյսի սպառումէն, ապագայի նկատմամբ տեսլականի եւ զայն կեանքի կոչելու վճռականութեան բացակայութենէն: Մեր ժողովուրդի յարագնայ երթը եղած է ու պիտի շարունակէ մնալ Քրիստոսախարիսխ հաւատքի, յոյսի ու լաւատեսութեան պատմութիւն: Այս վստահութեամբ ապրինք ու գործենք՝ ամրօրէն կառչած մեր ինքնութեան, մեր լինելութեան անփոխարինելի գրաւականներուն՝ հայրենիքին, մեր լեզուին եւ մեր հաւատքին: Հեռու վանենք մեզմէ վհատութիւնը, ապազգայնութիւնն ու անտարբերութիւնը եւ յուսառատութեամբ համախմբուինք ազգային ու պետական շահերու շուրջ։ Գիտակցինք, որ այս է ուղին մեր վիրաւոր հայրենիքի ապաքինման, Արցախի մեր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան, հայրենիք-սփիւռք միասնականութեամբ լուսաւոր գալիքի երաշխաւորման եւ ազգիս յարատեւութեան։ Ուստի, առաքելական յորդորով «արթո՛ւն ըլլանք եւ սիրոյ ու հաւատի զրահները հագնինք եւ փրկութեան յոյսի սաղաւարտը դնենք» (Ա Թես. 5. 8-9):

Հայրապետիս մաղթանքն է, որ Ամենակարողն Աստուած խաղաղութեան մէջ պահէ մեր հայրենիքը եւ անփորձանք՝ հայրենեաց պաշտպան մեր զինուորները։ Տիրոջ օրհնութիւնն ու մխիթարութիւնը կը հայցենք ծանր կորուստներ կրած ընտանիքներուն, ապաքինութիւն՝ վիրաւորներուն, շուտափոյթ վերադարձ՝ գերեվարուած ու անյայտ կորսուած մեր զաւակներուն։

Ամանորի սեմին միասնաբար հայցենք Ամենակալէն, որպէսզի նոր տարիին մեր ժողովուրդն ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս պահպանէ խաղաղ ու ապահով, սիրով միասնական ու շնորհէ հայրենաշէն ու ազգաշահ իրագործումներ։ Թող Տէրը մեր կեանքին մէջ առատացնէ յոյսը մեր հայրենիքի ու ազգի ապագային նկատմամբ։ Եւ թող Աստուծոյ սէրն ու շնորհները այսօր եւ միշտ ուղեկից ըլլան մեզ եւ բոլորին։

Օրհնեալ, բարի նոր տարի։

*

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը տարեմուտի առթիւ այցելեց Հայաստանի սահմաններուն վրայ կանգնած կարգ մը զօրախումբեր եւ դիրքերու մէջ հերթապահութիւն իրականացնող զինուորներուն տուաւ իր օրհնութիւնը։ Բաց աստի, նոյնպէս տարեմուտի առթիւ, Վեհափառ Հայրապետը եւ խումբ մը բարձրաստիճան եկեղեցականներ այցելեցին Եռաբլուրի զինուորական պանթէոնը, ուր իրենց աղօթքը մատուցեցին առ Աստուած՝ նահատակներուն համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2023