ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ ԲՈՒՌՆ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՀԵՌՈՒՍՏԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան միջեւ ներկայ տարեմուտին ստեղծուած է լուրջ լարուածութիւն մը։ Ամանորի գիշերը, Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի պատգամի հրապարակման քմահաճ մերժումը արդէն ցասում յառաջացուցած է՝ մանաւանդ սփիւռքի շրջանակներու հիասթափութիւն պատճառելով։ Սա, բնականաբար, Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու իշխանութիւններուն եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ վերջին տարիներուն ստեղծուած անհաղորդ վիճակին հերթական դրսեւորումն է։ Իշխանութիւնները, դժբախտաբար, առկայ ծանր մարտահրաւէրներուն դիմաց անհամաչափ կը վարուին՝ համազգային համախմբում ստեղծելու եւ մանաւանդ՝ եկեղեցի-պետութիւն համագործակցութիւնը ամրապնդելու առումով։
Տարեմուտի տխուր եւ հոգեխռով իրադարձութեան լոյսին տակ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով հանդէս եկան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան եւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի ու հրատարակչութեան բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։
Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեանի բողոքին մէջ նշուած է հետեւեալը. «Ողորմելի էք ու մեղք դուք բոլորդ՝ Հանրային հեռուստաընկերութեան ղեկավարներ եւ պատասխանատու անձեր։ Ողորմելի են եւ մեղք նաեւ ձեզ շարժող ձեր վերադասները, որ, ահա, հերթական անգամ կը նկրտիք ոտնձգութիւն կատարել Հայոց Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ։ Հաւատաւոր հայ ժողովուրդը կը զրկէք իր իսկ ազգային հեռուստաալիքէն լսելու իր հոգեւոր պետին՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։ Դուք աւեր կը գործէք քրիստոնեայ Հայաստանի կեանքին մէջ, հայոց ազգային պետութեան անդաստանէն ներս կը խորտակէք այն հոգեշահ եւ ազգաշէն աւանդոյթը, որ կեանքի կոչուեցաւ տակաւին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակագրի ուժով ու ոգիով ու ներգործութեամբ՝ մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ եկեղեցի։ Քանի դեռ կը մնաք այսպէս ողորմելի ու նենգ, կը զրկուիք որեւէ աջակցութենէ, հարցազրոյցէ. ձեզ համար փակ են դռները Մայր Աթոռի թանգարաններու եւ արխիւի։ Ամօթ եւ պարսաւանք Առաջին ալիքին, որ գոյութիւն ունիք նաեւ ազգային եկեղեցիէն ստացուած հարկերով»։
Իր կարգին, Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեանն ալ նշած է հետեւեալը. «Հանրային հեռուստաընկերութեան ղեկավարները եւ պատասխանատու անձերը հաւատաւոր հայ ժողովուրդը կը զրկեն իր իսկ ազգային հեռուստաալիքէն լսելու իր հոգեւոր պետին՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։ Այսու կը դադրեցնենք որեւէ համագործակցութիւն Հանրային հեռուստաընկերութեան հետ. քանի դեռ կը մնաք այսպէս։ Ուրեմն, Մայր Աթոռի թանգարանի եւ հրատարակչութեան դռները փակ են ձեր առջեւ»։
Միւս կողմէ, Հայաստանի շարք մը ընդդիմադիր հայեացքով լրատուամիջոցներն ալ տեղ կու տան այս նիւթին կապակցութեամբ հասարակական գործիչներու մեկնաբանութիւններու, ըստ որոնց եկեղեցին ձայնի իրաւունքէն փաստացի զրկելը պէտք է ստանայ իրաւական գնահատական։ Այսպէս, քաղաքական իշխանութեան կողմէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ձայնի իրաւունքէն փաստացի զրկելը շատերուն համար անսպասելի էր եւ այս պարագան խռովեցուցած է նոյնիսկ այնպիսի գիտակից մարդիկ, որոնք դաւանաբանական այլ համոզումներ ունին։
«Իշխանութեան կողմէ եկեղեցւոյ դէմ արդէն պարբերական դարձած յարձակումները կը նմանին մոծակի խայթի։ Մեր Եկեղեցին «մարսած» է համայնավարական քաղաքական վարչակարգը, Սթալինի բռնութիւնները, իսկ մոլագար այլ քաղաքական վարչակարգերը նետած է պատմութեան աղբամանը։ Այս բոլորի արդիւնքով եկեղեցին ձեռք բերած է քաղաքական իշխանութեան կատաղախտի դէմ ամուր դիմադրունակութեան համակարգ», համոզուած է իրաւաբան Արթուր Ղամբարեան։