ԱՄԱՆՈՐԻ ԿԷՍԳԻՇԵՐԻՆ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ամանորի կէսգիշերին տեղի ունեցաւ խորհրդանշական արարողութիւն մը, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հոգեւոր ապրումներուն տեսակէտէ յատկանշական էր։ Տարեմուտի կէսգիշերին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որոնք կղզիի վրայ կը գտնուէին, եկեղեցւոյ մէջ «Փառք ի բարձունս»ի երգեցողութիւն կատարեցին։ Ներկայ էին նաեւ մեր համայնքէն Արի եւ Միրնա Չոլաքները՝ իրենց դուստրերուն հետ, որոնք եւս ըմբոշխնեցին հոգեւոր ուրախութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2025