ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻՆ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ԱՍՏԻՃԱՆ ՇՆՈՐՀԵՑ ՉՈՐՍ ՈՒՐԱՐԱԿԻՐԻ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ տարուան անդրանիկ Ս. Պատարագին նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ տարւոյն առաջին պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վառվառեան եւ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբերու համատեղ կազմին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ արարողութեան ընթացքին կիսասարկաւագի աստիճան ստացան Պերճ Շահպազ, Տարօն Մարտիկեան, Երուանդ Չիյտէմեան եւ Մուրատ Սարգիսեան։

Նորին Ատենապատուութեան հանդիսապետութեամբ, անդրանիկ Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Հայրապետական մաղթանք՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան համար։

Արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2025