ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը կը շարունակէ հիւրընկալել օտարերկրեայ դիւանագէտներ։ Նման շփումները վերջին շրջանին խտացած են՝ մինչ հայ Երուսաղէմը կը դիմագրաւէ գոյութենական մարտահրաւէրներ։

Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան ընդունեց Յունական Կիպրոսի Ռամալլայի ներկայացուցչութեան ղեկավար Տիմիթրիս Ասսոսը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յոյն դիւանագէտին հետ զրուցեց Պատրիարքարանի աշխատասենեակին մէջ։

Սուրբ Աթոռի աղբիւրները մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 2, 2024