ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կաթո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան տնօ­րի­նու­թեամբ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի եր­կու միա­բան­նե­րը նշա­նա­կուե­ցան նոր պաշ­տօն­նե­րու։ Այս­պէս, Տ. Խա­չա­տուր Ա­բե­ղայ Կնեա­զեան նշա­նա­կուե­ցաւ Ս. Գա­յիա­նէ վան­քի վա­նա­հօր պաշ­տօ­նա­կա­տար։

Բաց աս­տի, Տ. Մկրտիչ Ա­բե­ղայ Կարա­պե­տեան ա­զա­տուե­ցաւ Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­յե­ցա­կար­գա­յին հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կին մօտ ստանձ­նած իր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն ու ծա­ռա­յու­թեան կո­չուե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Վար­չատն­տե­սա­կան բաժ­նին մօտ՝ որ­պէս փոխ-տնօ­րէն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2015