ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՏՐԴԱՏԻ ԲԱՑ ԽՈՐԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ՀՈԳԵՊԱՐԱՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Աւագ հինգշաբթի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն։ Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ կատարուեցաւ այս տարուան Ոտնլուան։ Արարողութեան ընթացքին, աղօթքներու ընթերցումէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց խորանին վրայ դրուած ջուրն ու իւղը։ Ներկայ բարեպաշտ ժողովուրդին «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնութիւնները տալէ վերջ, Աստուածորդիի օրինակով Նորին Սրբութիւնը ծունկի եկաւ եւ հոգեպարար շարականներու երգեցողութեան ներքեւ լուաց եւ իւղով օծեց շարք մը հայորդիներու ոտքերը։ Անոնց շարքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Մաղաքիա Վրդ. Ամիրեան, Տ. Յուսիկ Աբեղայ Սմբատեան, Արցախի երկրորդ պատերազմի մասնակից զինուորականներէն Ստեփան Ալեքսանեան եւ Արթուր Իգիթեան, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաներէն ուրարակիր Նարեկ Մարկոսեան, «Էօրնեքեան» դպրոցի աշակերտներէն Սարօ Արդէնեան եւ Նորայր Պետրոսեան, Արցախի պատերազմին զոհուած եւ կորսուած քաջարի հայորդիներու զաւակներէն Նարեկ Աբրահամեան, Աւետիք Վարդանեան, Լեւոն Մարտիրոսեան եւ Սահակ Անդրէասեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Քիւրքճեան» երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի սան Սամուէլ Ադոյեան, ինչպէս նաեւ այլ մանուկներ՝ Մհեր Կոնդեան, Դաւիթ Կուզիկեան եւ Դաւիթ Թադէոսեան։

Արարողութիւնը աւարտին հասաւ Սուրբ Աւետարանի ընթերցմամբ եւ Վեհափառ Հայրապետի աղօթքով։ Հուսկ, օրհնուած իւղը բաժնուեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 2, 2021