Տ. ՍԱՍՈՒՆ Ծ. ՎՐԴ. ԶՄՐՈՒԽՏԵԱՆ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան յառաջիկայ շրջանին պիտի պաշտօնավարէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ ան պիտի ստանձնէ Լաս Վեկասի հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։ Նախապէս ալ նոյն թեմէն ներս պաշտօնավարած Հայր Սուրբը վերջին տարիներուն աշխատանք կը տանէր Սպանիոյ մէջ։ Որպէս Սպանիոյ եւ Փորթուգալի մէջ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ՝ ան կազմակերպեց Հայ Եկեղեցին եւ համայնքը՝ Մատրիտի, Պարսելոնայի, Վալենսիոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ։
Այս բոլորէն վերջ՝ Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան երէկուան դրութեամբ ստանձնեց Լաս Վեկասի հայ գկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։