ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի՝ որպէս տեղապահ Աթոռանիսկ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ երէկ փոխանցած պատգամը։

Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ։ Մեր ժողովուրդը վերջապէս ձայնը բարձրացուց եւ լսելի դարձուց։ Երկարատեւ ու յոգնեցուցիչ տարիներէ վերջ Աստուծոյ որդիները հասան խաղաղութեան։ Ասկէ յետոյ պարտականութիւնը մերն է։

Կասկած չունիմ, թէ Թուրքիոյ հայութիւնը, որ աշխարհի հայութեան մէջ բազմաթիւ պատճառներով ունի յատուկ տեղ մը, ասկէ յետոյ եւս միշտ կողմ պիտի ըլլայ ողջմտութեան, լաւին ու պարկեշտութեան։ Վստահ եմ նաեւ, թէ մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր ապագան կազմաւորել եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն, եկեղեցւոյ ուսուցման ու մարդկային բարոյական սկզբունքներուն համաձայն։

Չարէն հեռու մնալ կարելի է միայն Աստուծոյ կամքով։ Եւ Աստուած այստեղ, այս սրբազան վայրին մէջ մեզմէ չէ զլացած իր բարի կամքը։ Երախտապարտ պէտք է ըլլանք ու պէտք է աշխատինք անոր արժանի ըլլալու համար։ Այն աշխատանքը, որ կը գտնուի մեր առջեւ՝ շատ է։ Մեզի կը սպասեն բարելաւելու շատ գործեր ու սիրաշահելու բազմաթիւ սրտեր։ Աստուծոյ օգնութեամբ ու ձեր աղօթքներով պիտի կարենանք յաջողիլ ամպայման։ Հաւատքով ու յամառ կեցուածքով պիտի դիմագրաւենք դժուարութիւնները։ Մենք այս օրը կարողացանք շահիլ մեր ժողովուրդի անսասան կամքով։ Ինձ նման դուք ալ երբեք մի՛ մոռնաք այս ճշմարտութիւնը։

Ես ալ ձեր նման մահկանացու էակ մըն եմ։ Կարելի չէ, որ առաջնորդ մը ըլլայ առանց ժողովուրդի եւ կարելի չէ, որ առանց հօտի գոյութիւն ունենայ հովիւ մը։ Դուք բոլորդ հարթեցիք այս հովիւին ճանապարհը ու մնացիք ձեր հաւատքին հաւատարիմ։

Մեր գործը նոր պիտի սկսի։ Մի՛ մոռնաք Սուրբ Գրքի «Կորսուած էր գտնուեցաւ» խօսքը։ Կորսուածները պիտի գտնենք, պիտի շահինք։ Որպէս վերջին խօսք՝ ըսել կ՚ուզեմ, որ դուք ոչ միայն ընտրեալ տեղապահի մը կողքին եղաք, այլ չարտօնեցիք, որ մեր սրբազան աւանդութիւններն ու եկեղեցւոյ բարոյական ուսուցումը ոտնակոխ ըլլան։ Ուստի պարտականութիւն կը համարեմ իմ շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնել այս բարձր գիտակցութիւնը ցուցաբերած մեր ժողովուրդին, այս սրբազան սկզբունքները պաշտպանողներուն, մեր կողքը կանգնած եկեղեցական բոլոր վարչութիւններուն, անորոշութիւններու դէմ իր ձայնը բարձրացնելու համար ջանք գործադրած «Միտք» հարթակին, քովէս պահ մը իսկ չբացակայած Դպրեվանքի իմ սիրելի եղբայրներուն, Սուրբ Գիրքը ամենայարմար բարձրութեան վրայ՝ գլխին վրայ պահած յարգելի օրիորդ եւ պարոններուն, թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն։

Պետութիւնը մեր կրօնքին, աւանդութիւններուն, 1700-ամեայ եկեղեցւոյս բարոյական սկզբունքներուն հանդէպ եղած է միշտ յարգալիր եւ կը շարունակէ մնալ նոյն ձեւով։ Միւս կողմէ, այս հայրենիքի իբրեւ իսկական հայրենակիցներ՝ մենք ալ պարտականութիւն ունինք, ինչպէս անցեալին եղած է, այսօր եւս շարունակել հաւատարիմ մնալ երկրի օրէնքներուն ու կանոններուն, գուրգուրալ երկրի գոյութեան ու զօրացման վրայ։ Որպէս ընտրեալ տեղապահ՝ պէտք է յայտնեմ, որ 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար պետական մարմիններու ցուցաբերած բարեացակամ կեցուածքը գոհունակութիւն պատճառած է անձնապէս մեզի եւ մեր ժողովուրդին։

Շնորհակալութեան պարտք ունիմ նաեւ իմ բոլոր հոգեւոր եղբայրներուն՝ գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Սահակ Սրբազան Մաշալեանին, որ ճամբան բացաւ կատարուելիք պատրիարքական ընտրութեան։ Անոնք իրենց քուէներով իմ ուսերուն բեռցուցին այս քաղցր պարտականութիւնը։ Բոլորին անունով շնորհակալ ենք նաեւ ամէն անոնց, որոնք ջանք թափեցին պետական դժուարութիւնները հարթելու ուղղութեամբ, գլխաւորութեամբ հայկական հիմնարկներու կազմակերպութեան ատենապետ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի։

Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ։

Դուք բոլորդ ձեր ձայնը լսելի դարձուցիք թէ՛ դէպի Մարտի 15-ը գացող ճամբուն վրայ եւ թէ աւելի վերջ։ Հիմա կարգը եկաւ եկեղեցւոյս աւանդութիւններուն համաձայն 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին։ Իմ ներկայ պարտականութիւնն է աւանդութիւններու համաձայն պատրաստել պատրիարքական ընտրութիւնները։

Տէրը օրհնէ ձեզ, լսէ մեր բոլորին աղօթքները։

Ուրբաթ, Յունիս 2, 2017