ՀՈՒՆԳԱՐԻԱՅԷՆ ԵՒ ԱՐԺԱՆԹԻՆԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց օտարերկրեայ երկու պատուիրակութիւններ, որոնք վերջին օրերուն այցելեցին Հայաստան։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ընդունուեցան Հունգարիոյ փոխ-վարչապետ Ժոլթ Շէյմենի եւ Արժանթինի խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Կիժերմօ Անտրատայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնները։ Երկու հանդիպումներու ընթացքին ալ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրներուն։

Ժոլթ Շէյմենի հանդիպման ժամանակ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Պուտափեշտի ղեկավարութեան կողմէ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն ներս քրիստոնէական համայնքներուն ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութիւնը։ Արժանթինցի խորհրդարանականներուն հետ ալ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը զրուցեց քոյր եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ի նպաստ ներդրուած ջանքերուն շուրջ։

Միւս կողմէ, Ժոլթ Շէյմեն Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին յանձնեց Պուտափեշտի «Քարլովի Կաշփար» համալսարանի պատուաւոր տոքթորի կոչման վկայականը։

Ուրբաթ, Յունիս 2, 2023