ԶԵԿՈՅՑ

Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ՝ Գերպ. Տ. Թա­թուլ Ծ.­ Վար­դա­պե­տի դի­մու­մին ըն­դա­ռա­ջե­լով Պատ­րիար­քա­րա­նիս դահ­լի­ճին մէջ հա­ւա­քուե­ցաւ Հա­մա­գու­մար Ժո­ղով՝ նա­խա­գա­հու­թեամբ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ՝ Բարձր. Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի:

Բաց­ման ա­ղօթ­քէն յե­տոյ կազ­մուե­ցաւ Հա­մա­գու­մար Ժո­ղո­վի Դի­ւա­նը հե­տե­ւեալ կեր­պով.

Ա­տե­նա­պետ՝ Գերշ. Տ. Սա­հակ Ե­պիս­կո­պոս Մա­շա­լեան

Ա­տե­նադ­պիր՝ Գերպ. Տ. Զա­քէոս Ծ.­ Վար­դա­պետ Օ­հա­նեան

Գերպ. Տ. Թա­թուլ Հայր Սուր­բը Հա­մա­գու­մա­րին յանձ­նեց Օ1 Յու­լիս 2015 թուա­կիր իր գրա­ւոր հրա­ժա­րա­կա­նը՝ խնդրե­լով, որ ա­զատ կա­ցու­ցուի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի ան­դա­մու­թե­նէն ու Քա­հա­նա­յից հիմ­նադ­րա­մի յանձ­նա­խում­բի զոյգ պաշ­տօն­նե­րէն:

Նա­մա­կը ժո­ղո­վին կար­դա­ցուե­լէն յե­տոյ Թա­թուլ Հայր Սուր­բը խօսք առ­նե­լով յա­ւե­լեալ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ իր հրա­ժա­րա­կա­նի մա­սին: Թա­թուլ Հայր Սուր­բին հրա­ժա­կա­նը ժո­ղո­վին կող­մէ ըն­դու­նուե­ցաւ:  

Գե­րա­պա­տիւ Հայր Սուր­բին մին­չեւ այժմ կա­տա­րած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն հա­մար շնոր­հա­կալ ենք: Յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք ա­պա­գայ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն մէջ:                 

ԴԻ­ՒԱՆ ՀԱ­ՄԱ­ԳՈՒ­ՄԱՐ ԺՈ­ՂՈ­ՎԻ

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015