ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՋԱՆՔԵՐ

Երէկ, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հանդիպումը՝ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ալ մասնակցեցաւ այս կարեւոր գագաթաժողովին, որու աշխատանքները տեւեցին ամբողջ օր մը։

Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, նախ Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական աղօթք մը, որու աւարտին քահանայապետական ժողովասրահէն ներս սկիզբ առաւ բուն աշխատանքը։ Առաջին նիստին դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս՝ անդրադառնալով Լիբանանի առկայ ընկերաքաղաքական տագնապին եւ զայն յաղթահարելու ազդու միջոցներուն։ Այս ելոյթի լոյսին տակ շուրջ երկու ժամուան քննարկում մը ծաւալուեցաւ՝ մինչ Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտը դրած էր հարցերը յստակեցնելու եւ Լիբանանը ներկայ քաղաքական ու տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու ուղղեալ տեսակէտներու վրայ։

Երկրորդ նիստի ատենախօսն էր Լիբանանի Մարոնիտ Եկեղեցւոյ Ռաաի Պատրիարքը, որ խորհրդածութիւններ ըրաւ եկեղեցւոյ մարդասիրական ու կրթական դերակատարութեան շուրջ, երկրի առկայ կացութեան լոյսին տակ։

Սրբազան Քահանայապետը կէսօրին ճաշասեղանի շուրջ հիւրընկալեց Վատիկան մեկնած հոգեւոր առաջնորդներն ու իրենց ընկերակից պատուիրակութիւններու անդամները։

Օրուայ երկրորդ կէսին գագաթաժողովի աշխատանքները շարունակուեցան։ Այս փուլը, ընդհանրապէս, յատկացուած էր եկեղեցիներու ձեռնարկած կրթական, մարդասիրական եւ առողջապահական ծրագիրներուն։ Ներկաները շեշտեցին յիշեալ աշխատանքներուն նոր թափ տալու հրամայականը՝ յայտնելով, որ եկեղեցիներու աշխատանքները աւելի կազմակերպուած կերպով կը կատարուին քան՝ պետական կառոյցներունը։ Միաժամանակ հոգեւոր պետերը յիշեցուցին, որ այդ աշխատանքները կը կատարուին առանց կրօնական կամ համայնքային խտրութեան։ Նոյն ծիրէն ներս ժողովականները արտայայտեցին իրենց սպասումը, որպէսզի Վատիկան լայն օժանդակութիւն կատարէ համայնքներու հաստատութիւններուն՝ մասնաւորաբար, Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապալի շրջանին։

Զանազան պատճառներով որոշուեցաւ, որ այս գագաթաժողովը չունենայ հրապարակային եզրափակիչ յայտարարութիւն մը։ Վատիկանի կողմէ ալ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը պիտի չհրապարակուի այս մասին։ Անհրաժեշտ նկատուեցաւ ճիգ մը կատարել որոշ եզրայանգումներ կատարելու համար։ Այս ուղղութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսք առնելով իր պատկերացումը ներկայացուց հետեւեալ հինգ կէտերուն շուրջ.

1- Վերահաստատել հոգեւոր առաջնորդներու յանձնառութիւնը՝ վերանորոգ շեշտով շարունակելու քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը հասարակաց արժէքներու հիման վրայ, յարգելով համայնքներու փոխադարձ իւրայատկութիւնները եւ իրաւունքները։

2- Շեշտել նոր կառավարութիւն ունենալու հրամայականը, որպէսզի ան ընկերային-տնտեսական հարցերու առաջնահերթութիւն կարենայ տալ՝ հոգալու համար ժողովուրդին կարիքները։

3- Վերահաստատել «թաէֆ»ի համաձայնագրի ամբողջական գործադրութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ յիշեալ համաձայնագիրը հիմքը կը հանդիսանայ քրիստոնեայ-իսլամ հաւասար համակեցութեան սկզբունքին։

4- Եկեղեցիներ նոր թափ տալու կոչուած են իրենց ծառայութեան՝ կրթական, ընկերային, մարդասիրական եւ առողջապահական մարզերէն ներս։

5- Վատիկանի մէջ քննարկուած նիւթերը եւ հաւաքական մօտեցումները անհրաժեշտ է, որ վերածուին գործընթացի մը՝ ուղղուած Լիբանանի վերականգնումին։ Այս գործընթացին մաս պէտք է կազմեն նաեւ իսլամ համայնքները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները։ Իր կարգին, Վատիկան կոչուած է կարեւոր դեր ունենալ յիշեալ գործընթացին մէջ՝ միջազգային ընտանիքէ ներս իր ունեցած բարոյական հեղինակութեամբ։

Հանդիպման աւարտին, Սրբազան Պապը գոհունակութիւն յայտնեց ժողովականներուն կողմէ կատարուած աշխատանքներուն եւ խոստացաւ Լիբանան այցելել՝ նոր կառավարութեան մը կազմուելէն անմիջապէս վերջ։

Հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումէն վերջ, երէկ երեկոյեան, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մը, որ նուիրուած էր Լիբանանին։ Ներկայ էին դեսպաններ, պետական պատասխանատուներ եւ հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Արարողութիւնը ընթացաւ իտալերէն, հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ասորերէն լեզուներով։ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ շեշտեց Լիբանանէ ներս նոր կառավարութեան մը կազմութեան, երկրի ներքին միասնականութեան ամրապնդման եւ զայն տարածքաշրջանի հարցերէն զերծ պահելու անհրաժեշտութիւնը։ Յատկանշական էր, որ Սրբազան Պապին կողմէ պատգամին մէջ կատարուած երկու մէջբերումներէն մին կը վերաբերէր Լիբանանի հանրածանօթ փիլիսոփայ Խալիլ Ժըպրանին, իսկ միւսը՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին։

Դէպի Վատիկան ուղեւորութեան ընթացքին Նորին Սրբութեան ընկերացաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։ Տեղւոյն վրայ իրեն միացաւ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Նորին Սրբութիւնը այսօր կը վերադառնայ Պէյրութ։  

Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021