ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Եոէլ Լիոնը, որ վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին յանձնեց իր հաւատարմագիրը եւ որու նստավայրը կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մօտ Իսրայէլի պատուոյ հիւպատոս Աշոտ Շահմուրատեան։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ հայ եւ հրեայ ժողովուրդներու պատմական առընչութիւններուն եւ ընդհանրութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը ցաւով խօսեցաւ անցեալ դարուն անոնց պատուհասած ողբերգութիւններուն, ինչպէս նաեւ կանգ առաւ սփիւռքի մէջ երկու ժողովուրդներու զաւակներուն միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններու վրայ։

Իր կարգին, դեսպան Եոէլ Լիոնն ալ կարեւորեց երկխօսութեան շնորհի, երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ու բարեկամական յարաբերութիւններու խորացումը։

Զրոյցի աւարտին Նորին Սրբութիւնը արդիւնաւէտ առաքելութիւն մաղթեց դեսպանին։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022