ԱՆՀԱՏՈՅՑ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐ ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ներկայիս օրակարգի վրայ ունի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիին անհատոյց հողատարածք մը նուիրաբերելու նիւթը։ Այսպէս, քննարկումներ կը ծաւալուին՝ որպէսզի Էջմիածնի մէջ նոր հողատարածք մը նուիրաբերուի եկեղեցւոյ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, համապատասխան որոշման նախագիծը արդէն վերջերս քննարկուած է կառավարութեան ժողովին ընթացքին։

Ըստ հիմնաւորման, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը գրութիւնով մը դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին՝ Կոտայքի մարզի Էջմիածին համայնքի Սուրբ Գայիանէ վանքին յարակից 1.4 հեքթար հողատարածքը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին անհատոյց սեփականութեան յատկացնելու իրաւունքով։ Այդ տարածքին վրայ կը նախատեսուի կառուցել 1 մեկավաթ հզօրութեամբ արեւային ֆօթօվոլթային կայան մը եւ անոր շրջակայքին ստեղծել զբօսայգի մը։ Այդ կայանին շնորհիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի կարենայ օգտուիլ արեւային ուժանիւթէ։ Այսպէսով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կարեւոր նախընթաց մը ձեւաւորած պիտի ըլլայ՝ բնապահպանութեան նկատմամբ զգայնութիւն ցուցաբերելու առումով։

Կառավարութեան կողմէ քննարկման ենթարկուած ծրագրի հիման վրայ կ՚ենթադրուի անհրաժեշտ ընթացակարգով կարգադրութիւններ ընելէ վերջ՝ անհատոյց սեփականութեան իրաւունքով այդ տարածքը տրամադրել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017