ԳՀԽ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ» ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾԻ ՎԱՐՁԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ ԳՈՐԾԱՐՔԻՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Նիստերը վարեցին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան։
Ատրպէյճանի յարձակողականութեան եւ աշխարհաքաղաքական բարդ իրադարձութիւններու հետեւանքով Հայաստանի եւ Արցախի պարագային ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ զեկուցումներ ներկայացուցին՝ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան, ԳՀԽ-ի անդամներէն իրաւաբան Գէորգ Դանիէլեան եւ «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեան։ Խիստ մտահոգութեամբ արձանագրուեցաւ, որ միջազգային լարուած իրադրութենէն օգտուելով՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները որդեգրած են պետական քաղաքականութիւն մը, որով կը ձգտին բռնազաւթել ո՛չ միայն Արցախը, այլեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքները։ Այս ամբողջին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Բերձորի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Արցախի մատնուած ամբողջական շրջափակման եւ տեղւոյն հայութեան դէմ անմարդկային բռնաճնշումներուն ու ցեղասպան գործողութիւններուն, որոնց հետեւանքով խաթարուած են երկրի կենսագործունէութեան բոլոր ոլորտները։ Ներկայացուեցան նաեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ առնուած քայլերն ու կատարուած գործողութիւնները՝ ուղղուած հայկական ազգային հետքերու ոչնչացման ու իւրացման։ Զեկուցումներու շուրջ ծաւալուած քննարկումներու լոյսին տակ ԳՀԽ հանդէս եկաւ առանձին յայտարարութեամբ։
Միւռոնօրհնութեան, եպիսկոպոսաց ձեռնադրութեան արարողութիւններու կազմակերպման ընթացքին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան, ներքին յարդարման ու շրջակայքի բարեկարգման աշխատանքներուն վերաբերեալ զեկուցումներով հանդէս եկան Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։
Արձանագրուեցաւ, որ յառաջիկայ հոկտեմբերի 1-ին Միւռոնօրհնէքի արարողութեան պիտի մասնակցին քոյր եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն եւ աշխարհասփիւռ թեմերէն բարձրաստիճան հոգեւոր հայրեր եւ ուխտաւորներ։ Միւռոնօրհնութեան արարողութեան շրջանակներէն ներս, սեպտեմբերի 30-ին, Սուրբ Գայիանէ վանքէն ներս տեղի պիտի ունենայ խաղաղութեան աղօթք մը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ միջեկեղեցական պատուիրակութիւնները։ Հոկտեմբերի 8-ին ալ պիտի կատարուի եպիսկոպոսաց ձեռնադրութիւնը։
Միւռոնօրհնութեան տօնական արարողութեան կազմակերպման աշխատանքներուն հետ առընչուած խօսուեցաւ նաեւ Մայր Տաճարի շրջակայքի բարեկարգման ընթացքին մասին։ Կը նախատեսուի, որ մինչեւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի շինարարներու ջանքերով պատշաճօրէն բարեզարդուած ձեւով ուխտաւոր հայորդիներուն ներկայանայ Մայրավանքի համալիրը։
Ժողովականները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան «Կովերու պարտէզ» կալուածի վարձակալութեան գործարքի խնդիրներուն շուրջ։ ԳՀԽ կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ պիտի շարունակէ հետամուտ ըլլալ հարցի բարւոք կարգաւորման եւ այս ուղղութեամբ պիտի գործադրուին հնարաւոր բոլոր ջանքերը։
Նստաշրջանի օրերուն ուշադրութեան առարկայ դարձան նաեւ եկեղեցա-վարչական, կարգապահական եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ այլ հարցեր։