ԻՐԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԱՆՈՒՆՈՎ…

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ), որու ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ, նիստերու աւարտին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի առկայ իրավիճակին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը, զոր թողարկուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ։

*

Անդրադառնալով հայրենիքի առջեւ ծառացած գոյաբանական մարտահրաւէրներուն եւ անոնց հետեւանքով Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ ստեղծուած կացութեան, ԳՀԽ կ՚արձանագրէ, որ հայրենական կեանքէն ներս առկայ իրավիճակը ծայրայեղ մտահոգիչ է։

Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն օգտագործած հռետորաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ նախաձեռնած քայլերը ակներեւ կը դարձնեն, որ ան պաշտօնապէս որդեգրած է ո՛չ միայն Արցախի Հանրապետութիւնը, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքները բռնազաւթելու, հայկական ազգային ինքնութեան հետքերն ու ժառանգութիւնը ոչնչացնելու քաղաքականութիւն՝ հետապնդելով հայոց պետականութիւնը կազմաքանդելու նպատակը։ Ատրպէյճան ո՛չ միայն չի դադրեցներ Արցախի շրջափակումը, այլեւ կը շարունակէ իրականացնել ցեղասպան իր քաղաքականութիւնը՝ թշնամանքի ու բռնութեան նորանոր դրսեւորումներով։ Ատրպէյճանի պետական եւ հանրային ամբողջ քարոզչամեքենան լծուած է հակապատմագիտական թեզերու միջոցաւ հանրային լայն հարթակներու վրայ հայոց պետականութեան եւ ամբողջ հայութեան դէմ կեղծ ու յերիւրածին տեղեկութիւններու տարածման։

Առկայ բարդ ու վտանգաւոր զարգացումներու յանդիման առաւել քան մտահոգիչ են Հայաստանի իշխանութիւններու անհամաչափ արձագանգներն ու վարքագիծը։ Մերժելի է յատկապէս՝ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւններուն դիրքորոշումը, որ չունի բարոյական, իրաւական եւ անվտանգային որեւէ հիմնաւորում եւ բացարձակապէս չի համապատասխաներ մեր ժողովուրդի հաւաքական սպասումներուն ու ազգային շահերուն։ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը անսակարկելի են, Արցախի ժողովուրդի՝ հանրաքուէով իրացուած ինքնորոշման իրաւունքը անվիճարկելի է։

ԳՀԽ բարձր կը գնահատէ Արցախի խնդրի կարգաւորման ուղղեալ միջազգային կառոյցներու ջանքերը։ Այդուհանդերձ, Արցախի հայութեան առջեւ ծառացած անմիջական սպառնալիքներու համատեսքին մէջ միջազգային կառոյցներուն կողմէ իրականացուած քայլերն ու նախաձեռնութիւնները, դժբախտաբար, կը շարունակեն մնալ անհամարժէք։

Հայրենիքի առջեւ ծառացած գոյաբանական մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պարտաւոր են ձեռնարկել այնպիսի միջոցներու, որոնք կը համախմբեն ազգային, քաղաքական եւ հասարակական կառոյցներու ամբողջ ներուժն ու կարողութիւնները՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ։ Հայրենիքը բոլորինս է, հայոց պետականութիւնը՝ իւրաքանչիւր հայու սրբազան մասունքը։

Արցախի Հանրապետութեան տօնին՝ Սեպտեմբերի 2-ին ընդառաջ, ԳՀԽ Արցախի քաջարի ժողովուրդին կը բերէ իր զօրակցութիւնը, հայրենի երկրէն ներս ազատ, անկախ եւ արժանապատիւ կեանքի համար հերոսական պայքարին մէջ։

ԳՀԽ-ի կոչն է մեր ժողովուրդին՝ ամենայն սթափութեամբ գնահատել երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակը, թօթափել անտարբերութեան թմբիրը, յանձնառութիւն ունենալ հայրենիքի համար եւ ամենուր աջակից ու մասնակից դառնալ Արցախի անվտանգութեան պաշտպանութեան ուղղեալ ծրագրերուն եւ միջոցառումներուն։

Ամուր վստահութիւն ունինք, թէ Աստուծոյ եւ սերունդներու առջեւ ամբողջանուէր պատասխանատուութեամբ եւ մեր նախնեաց քաջարի ոգիով ու տոկունութեամբ պիտի կարողանանք յաղթահարել մեզի բաժին վիճակած ծանրագոյն մարտահրաւէրները։

Թող Աստուած օրհնէ երկիրն հայրենի եւ ժողովրդեանն հայոց. ամէն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2023