ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու աւանդական հաւաքը՝ 2024-2025 շրջանի սկիզբին առթիւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուեցաւ վերամուտի փուլի կրթական մշակներու օրհնութեան կարգը։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ՝ մասնակցութեամբ կրթական կառոյցներու ներկայացուցիչներու, համալսարաններու վերատեսուչներու, հանրակրթական դպրոցներու տնօրէններու եւ մանկավարժներու։
Վեհափառ Հայրապետը օրհնութեան կարգի աւարտին իր գնահատանքը փոխանցեց կրթութեան ոլորտին երախտաւորներուն՝ դիտել տալով, որ առանձնակի խորհուրդ ու նշանակութիւն ունի կրթական մշակներու ներկայութիւնը հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեդրոնէն ներս, ուրկէ սկիզբ առած է հայալեզու ուսուցումն ու կրթութիւնը։
«Գիտութիւնն ու մարդկային հնարաւորութիւնները մեր օրերուն արագ կը զարգանան եւ առաւել քան երբեք՝ այսօր կը կարեւորուին ուսումն ու կրթութիւնը։ Բոլոր ժամանակներուն, սակայն, գլխաւորը մարդկային ոգին ու նկարագիրը կերտելն է, զայն ճշմարտութեան եւ բարիի մէջ հաստատելը։ Արդարեւ, գիտելիքը արարելու ուժ ու զօրութիւն է, բայց, այդ մէկը բարիք կը դառնայ, երբ հաստատուած է հոգեւոր արժէքներու ու բարոյական հիմքերու վրայ», ըսաւ ան՝ կարեւորելով կրթութեան մշակներու առաքելութիւնը ազգի զաւակներուն ո՛չ միայն ժամանակին համահունչ գիտելիք ու փորձառութիւն փոխանցելու, այլեւ անոնց միտքը վարժեցնելու՝ խորհելու արդարն ու ճշմարիտը եւ գործելու բարին, սորվեցնելու ճանչնալ ու սիրել հայրենիքը, մեր Սուրբ Եկեղեցին, կրթելու գիտակից, պատասխանատու անհատներ եւ օրինայարգ քաղաքացիներ։
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ համաշխարհայնացման եւ արժեհամակարգի նենգափոխման մերօրեայ յորձանուտին մէջ կ՚անտեսուին ու ետ կը մղուին իրական արժէքները՝ ազգերն ու հասարակութիւնները դէմ յանդիման թողլով հակասութիւններու եւ գոյաբանական խնդիրներու հետ։ «Ազգային մեր կեանքին մէջ նման մարտահրաւէրները յաղթարհելի են մնայուն արժէքներով եւ ամուր ինքնութեամբ, հայրենասիրութեան ու ազգանուիրումի ոգիով անհատներ կրթելու պարագային։ Անոնք կը ձգտին նոր գիտելիքներու եւ իմացութեան ու միեւոյն ժամանակ քաջատեղեակ կ՚ըլլան իրենց պատմութեան ու հայրերու ժառանգութեան», շարունակեց ան։
Անդրադառնալով մատաղ սերունդի կրթութեան ու դաստիարակութեան գործին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ Վեհափառ Հայրապետը փաստեց, որ անկախ պետականութեան հաստատումէն ի վեր եկեղեցին աջակցած է հայրենի պետութեան կրթադաստիարակչական գործունէութեան ու նպաստած՝ ազգային նկարագրով, հայեցի դաստիարակութեամբ եւ հարուստ գիտելիքներով սերունդի կրթման։
«Այս կարեւոր նպատակին ուղղուած էր նաեւ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան, որ այլեւս պիտի չդասաւանդուի։ Ցաւ ի սիրտ կ՚արձանագրենք, որ այսօր ամէն ջանք կը գործադրուի հայ դպրոցի հիմնադիր Հայոց Եկեղեցին դուրս մղելու այդ նոյն դպրոցէն։ Կը փորձուի արժեզրկել հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս ազգային եկեղեցւոյ հոգեփրկչական, ինչպէս նաեւ ազգային արժէքներու եւ ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ իրականացուցած բացառիկ առաքելութիւնը՝ հանրակրթական նոր դասագիրքերուն մէջ այլափոխուած եւ աղճատուած ներկայացնելով անոր պատմութիւնը», յայտնեց Վեհափառ Հայրապետը։
Ապա Նորին Սրբութիւնը բացատրեց, որ պատմութիւնը պէտք է վերանայիլ սխալները ճանչնալու եւ ուղղելու նպատակով։ «Մեր երկրի ու հայրենի պետականութեան ապահով ներկան եւ մանաւանդ՝ ապագան կրնանք կերտել առ Աստուած մեր հաւատին եւ աւանդութիւններուն, անոնցմով ներշաղախուած մեր ազգային նկարագրին հարազատ ու հաւատարիմ մնալով։ Սա է մեր պատմութեան մատուցած գլխաւոր դասը, զոր երբեք պէտք չէ մոռնանք», համոզուած է Վեհափառ Հայրապետը, որ ուսուցիչներուն պատգամեց՝ սիրով, նախանձախնդրութեամբ ու հաւատքով նուիրուիլ իրականութիւն դարձնելու՝ կենսունակ եւ արդար հասարակութիւն, ինքնիշխան ու հզօր պետութիւն կերտելու հայոց ազգային երազանքը։
Հուսկ, ան բարձր գնահատեց կրթագիտական առաքելութեան նուիրեալներու գովարժան ծառայութիւնը, Երկնաւորէն հայցեց անսպառ եռանդ, ուժ ու կորով, օգտաշատ ծրագրեր ու համարձակ իրագործումներ՝ ի խնդիր ազգի արժանաւոր սերունդներու կրթութեան եւ գիտութեան ասպարէզի մէջ նորանոր ձեռքբերումներու։
Օրհնութեան կարգի աւարտին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունելութիւն մըն ալ սարքուեցաւ՝ ի պատիւ կրթական մշակներու։