Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳՀԽ-Ի ԺՈՂՈՎԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ մեկ­նե­ցաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Գում­գա­բուի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը կը մաս­նակ­ցի Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ժո­ղո­վին, որ կը գու­մա­րուի Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը քա­ղաքս պի­տի վե­րա­դառ­նայ Հինգ­շաբ­թի, Նո­յեմ­բե­րի 5-ին։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2015