ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը կը շարունակէ իր ուղեւորութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Այս այցելութիւնը ունի կարեւոր նշանակութիւն՝ մանաւանդ, որ կը զուգադիպի Նորին Սրբութեան գահակալութեան 30-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Յունաց Պատրիարքը կ՚ունենայ բազմակողմանի շփումներ եւ այս ամբողջին մէջ Ուաշինկթընէ ներս կը մասնակցի զանազան էքիւմենիք հաւաքոյթներու, որոնց ներկայ կը գտնուին նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ։

Նման հաւաքոյթ մըն ալ տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի Ազգային եկեղեցիներու խորհուրդէն ներս, ուր Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին այցելութիւնը ողջունեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, որ հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։ Ան ԱՄՆ-ի Ազգային եկեղեցիներու խորհուրդի նախկին նախագահներէն է։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2021