ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս շաբաթավերջին գումարուեցաւ Թեմական պատգամաւորական ժողով, որու ընթացքին կատարուեցաւ թեմական մարմիններու ընտրութիւն։ Քէօլնի Առաջնորդարանի համալիրէն ներս գումարուած ժողովին նախագահեց առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան։ Դիւանի ատենապետն էր տքթ. Խաչիկ Կազէր։ Նիստին ներկայ գտնուեցան թեմի 16 համայնքներու վարչութեանց ատենապետները, ընտրեալ պատգամաւորներ, հոգեւորականաց դասու անդամները։ Պատգամաւորներու ընդհանուր թիւն էր 55՝ 44-ը քուէի իրաւունքով։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան եւ դիւանի ատենապետ Խաչիկ Կազէր սկիզբին հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով։

Աւելի վերջ ձեռնարկուեցաւ օրակարգի գործադրութեան։ 2019-2020 թուականներու վերաբերեալ զանազան տեղեկագրեր վաւերացուեցան՝ ներկայացուած մանրամասնութիւններու լոյսին տակ։ Առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ դարձան Քէօլնի Առաջնորդանիստ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եւ Կէօթինկէնի Ս. Խաչ եկեղեցիներու հիմնանորոգման նախապատրաստական աշխատանքները։ Պատգամաւորները ծանօթացան թեմի համացանցային նոր կայքէջին, իսկ Տ. Գնէլ Քհնյ. Գաբրիէլեան տեղեկութիւններ փոխանցեց նոր սերունդի ուղղեալ աշխատանքներուն շուրջ։

Ժողովականները կատարեցին նաեւ թեմական մարմիններու ընտրութիւնները՝ փակ քուէարկութեամբ։ Նոր մարմինները կազմուեցան զանազան դէմքերէ, որոնք գերմանահայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն։

Թեմական-պատգամաւորական ժողովի դիւանին ընտրուեցան՝ փրոֆ. Խաչիկ Կազէր (ատենապետ), Տ. Տիրատուր Քհնյ. Սահակեան (փոխ-ատենապետ), տքթ. Մարգրիտ Ասոյեան-Լինք (ատենադպրուհի) եւ Լեւոն Դանոյեան (փոխ-ատենադպիր)։

Թեմական խորհուրդի կազմին մասնակցեցան՝ Սօսի Ալթըփարմաքեան-Շայէր, Շաքէ Զէյնալեան, Անահիտ Թուրանօղլու, Աւետիս Կարինեան, Օրհան Պարլըք, տքթ. Ռաֆֆի Պետիկեան, Արթին Սիմոնեան եւ Հիլտա Տէյիրմենճի։

Թեմական հաշուեքննիչ ընտրուեցան՝ Ուիլիամ Աբրահամեան եւ Ժենիկ Չաթաք-Մինասեան։

Թեմական-պատգամաւորական ժողովը եզրափակուեցաւ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի օրհնութեան խօսքով։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախորդ շրջանին թեմական մարմիններէ ներս ծառայութիւն մատուցածներուն եւ շնորհաւորեց անդամները։ Իր «Պահպանիչ» աղօթքէն վերջ միաբերան արտասանուեցաւ Տէրունական աղօթքը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2021