ՀԵՌԱՎԱՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց մասնաւոր հաւաք մը։ Պըրպենքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթին մասնակցութիւն բերին թէ՛ Լոս Անճելըսի շրջանի եկեղեցականները եւ թէ թեմի յարաբերաբար աւելի հեռաւոր շրջաններու եկեղեցականները։ Հեռավար ժողով մըն էր այս մէկը, որուն նախագահեց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։

Քննարկումներու ժամանակ օրակարգի վրայ եկան ծիսական հարցեր, հիւանդանոցներէ ներս հոգեւոր սպասաւորութեան խնդիրներ, քահանայից եւ սարկաւագաց պատրաստութեան ծրագրերը, շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու դասընթացներու տարեկան ծրագրերը, Առաջնորդարանի հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու դաշտէ ներս յառաջընթացին վերաբերեալ նիւթեր։

Հոգեւոր հայրերը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Երուսաղէմի Հայոց վանքին ու Պատրիարքութեան վերաբերեալ վերջին ծանօթ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առկայ իրավիճակին շուրջ։

Նկատի ունենալով, որ յաջորդ տարին՝ 2022 թուականը կը զուգադիպի Արեւմտեան թեմի հիմնադրութեան 95-ամեակին՝ հոգեւոր հայրերը անդրադարձան նաեւ մօտալուտ այս յոբելեանի պատրաստութիւններուն եւ անոր ծիրէն ներս նախատեսուած ձեռնարկներուն համար մշակուած ծրագրի ընդհանուր տեսքին։

Առցանց հաւաքը եզրափակուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր խօսքով եւ աղօթքով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021