ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը յայտարարեց, որ սփիւռքի վերակազմակերպումը անյետաձգելի հրամայական մըն է։ Իր խօսքով՝ սփիւռքի մասին խօսիլը այսօր տարօրինակ երեւոյթ մը չի համարուիր, այլ՝ բնական է, որովհետեւ ան մատնուած է տագնապի։

Կիլիկեան Աթոռի գահակալը, որ 2022 թուականը հռչակած է՝ «Սփիւռքի տարի», համապատասխան մտահոգութիւններուն եւ դժուարութիւններուն անդրադարձած է «Cilicia TV»ին եւ լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն՝ «Ազդակ»ին, «Զարթօնք»ին եւ «Արարատ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ։ «Հայաստան-սփիւռք վերջին խորհրդաժողովին (Երեւան, 18-20 սեպտեմբեր 2017), մեր խօսքին մէջ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեցինք, թէ Հայաստանը կը պարպուի եւ սփիւռքը կը մաշի։ Սա փաստացի իրողութիւն մըն էր եւ է այսօր՝ աւելիո՛վ։ Իրաւունք չունինք այս տխուր ու վտանգալից իրողութեան դիմաց լուռ մնալու։ Արտագաղթը Հայաստանէն դժբախտաբար մնայուն ընթացք է, առաւել կամ նուազ չափով. նոյնպէս՝ սփիւռքին հայօրէն գունաթափումը ու մաշումը։ Երբ փորձենք խորաթափանց ակնարկ մը նետել գաղութներու ներքին կեանքի հոլովոյթին, յստակօրէն կը տեսնենք նահանջի ու մաշումի նշանները։ Հետեւաբար, սփիւռքի վերակազմակերպումը անյետաձգելի հրամայական է։ Վերակազմակերպում ըսելով էապէս կը հասկնանք ներկայ կացութեան արժեւորում, սփիւռքի դիմագրաւած մտահոգութիւններու, դժուարութիւններու ու մարտահրաւէրներու քննարկում, առաջնահերթութիւններու ճշդում, կառոյցներու կեանքին ու գործունէութեան վերատեսութիւն եւ ապա վերականգնումի, վերանորոգումի ու վերակազմակերպումի գործընթացի ճշդում։ Բնականաբար, սա դիւրին ծրագիր մը չէ եւ ոչ ալ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին իրագործուելի աշխատանք. այլ՝ համապարփակ ու իրապաշտ մօտեցումով ծրագրուելիք ու հանգրուանային կերպով գործադրելի երկարատեւ գործընթաց», նշած է Արամ Ա. Կաթողիկոս։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան ընդգծած է, որ սփիւռքի վերակազմակերպման գծով մօտեցումը զգացական, միակողմանի ու ինքնանպատակ պէտք չէ ըլլայ։ «Հարկ է ըլլալ ոչ զգացական, որովհետեւ սփիւռքը փաստօրէն նահանջի մէջ է։ Անհրաժեշտ է իրապաշտ եւ համապատասխան մօտեցում ճշդել ներկայ կացութեան նկատմամբ։ Հարկ է ըլլալ ոչ միակողմանի, որովհետեւ սփիւռքը համահայկական կեանքէն կտրուած ու լուսանցքայնացած իրականութիւն մը չէ, այլ անքակտելի մասը՝ մէկ ու ամբողջական հայութեան։ Հետեւաբար, մեր արժեւորումները, վերլուծումները ու առնելիք քայլերը պէտք է համահայկական շրջագիծէն ներս կատարուին։ Վերջապէս, հարկ է ըլլալ ոչ ինքնանպատակ, որովհետեւ սփիւռքի վերակազմակերպումը պէտք է կատարուի ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման։ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիութիւնը լոզունգ չէ, պէտք չէ դառնայ, այլ մեր ազգի գաղափարախօսութեան խորքը, հէնքը եւ նպատակը։ Հզօր, կազմակերպ ու կենսունակ սփիւռք կ՚ենթադրէ նոյնպէս հզօր, կազմակերպ ու կենսունակ Հայաստան եւ Արցախ», մատնանշած է Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ իր հարցազրոյցին մէջ առանձնապէս խոշորացոյցի տակ առած է նաեւ արեւմտահայերէնի նահանջը, երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը հայ կեանքին, հայութեան ներուժի ճիշդ ու ամբողջական օգտագործումը եւ այլն։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022