ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, ըստ Հին տոմարի, այս տարի եւս Ս. Երկրին մէջ հնչեցուց Աստուածայայտնութեան տաղաւարի մեծ ու յաղթական աւետիսը։ Բեթհեղէմի Ս. Ծննդեան այրին մէջ կատարուած տօնակատարութիւնները այս տարի բնորոշուեցան Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռներու ամենապատիւ գահակալներուն համատեղ մասնակցութեամբ։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան միասնաբար մասնակցութիւն բերին Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի աւանդական տօնակատարութիւններուն, որոնք անցան բացառիկ շուքով եւ իսկապէս շատ բարձր տրամադրութեամբ։ Աշխարհի զանազան երկիրներէն հայ ուխտաւորներ ալ՝ ներառեալ Թուրքիայէն, այս առթիւ մասնակցեցան տօնակատարութիւններուն, ինչ որ հոգեւոր համախմբումի նշանակութիւն մը ունէր։

Վերջին երկու օրերուն իսկապէս բացառիկ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ եւ Բեթհեղէմի Ս. Ծննդեան այրէն բարձրացած սրտաբուխ աղօթքները դարձան համայն հայութեան հոգեւոր միասնականութեան տեսակէտէ խորհրդանշան մը։ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական աթոռներու ամենապատիւ գահակալները նախընթաց օր առաւօտեան ուղղուեցան դէպի Բեթհեղէմ, ուր քաղաքի հրապարակին վրայ հանդիսաւոր թափօր կազմուած էր՝ մասնակցութեամբ Պաղեստինի իշխանութիւններէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու։ Անոնք հանդիսաւորապէս մուտք գործեցին Ս. Ծննդեան վանք, ուր տեղի ունեցան կանոնական բոլոր արարողութիւնները, ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ կանոններուն։

Բեթհեղէմի Ս. Ծննդեան այրին մէջ Ճրագալոյցի պատարագը մատոյց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որուն առընթերակայ էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Տէրունական աղօթքէն առաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ Ս. Ծննդեան աւետիսը եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ յայտնեց, որ Քրիստոսի Ս. Ծնունդը մարդ արարածին կը բերէր բան մը, որ բաղձալի էր բոլորին համար։ Այդ մէկը յաւիտենական կեանքն էր։ Մարդ առաջին մեղքով զրկուած էր կեանքի ծառէն ճաշակելու եւ անմահ ըլլալու իրաւունքը։ Բեթհեղէմի մէջ ծնած մանուկը այս բանը կը բերէր մարդուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզի ընթացքին բացատրեց, որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը յաւիտենական կեանք պիտի պարգեւէր հաւատացեալին։ Ան շեշտեց, որ մանուկը կարեւոր էր բոլոր առումներով, նաեւ ընկերութեան մէջ։ Արդարեւ ան կեանք ունէր։ «Եւ մենք այսօր մանուկներու օրն է, որ կը տօնենք։ Մանուկները կարեւոր են մեզի համար, անոնք մեր ապագան են, որով պիտի շարունակէ մեր ազգը ապրիլ», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ իր պատգամի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքին, Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան անդամներուն, որոնք իրենց կեանքը նոյնացուցած են տէրունակոխ սրբավայրերու եւ այդ տեղերու վերաբերեալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ իրաւունքներու պահպանութեան ջանքերուն հետ։ «Իրենք մեզի համար կ՚աղօթեն, մենք ալ կ՚աղօթենք իրենց համար», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Ճրագալոյցի Ս. Պատարագէն վերջ, Երուսաղէմի Ս. Աթոռի լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի հանդիսապետութեամբ Ս. Ծննդեան այրի մուտքին նախատօնակ կատարուեցաւ։ Եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին, Ս. Ծննդեան վանքի հայկական բաժնի տեսչարանին մէջ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցան բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր, ուխտաւորներ եւ հիւրեր, նաեւ միշտ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավարութենէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Տաղաւարի առթիւ բոլորը զիրար շնորհաւորեցին ջերմօրէն եւ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։

Ս. Ծննդեան տաղաւարի տօնակատարութիւնները, անշուշտ, իրենց գագաթնակէտին հասան կէս գիշերի մեծահանդէս արարողութիւններով։ Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարին մէջ կատարուեցան տաղաւարի գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւնները։ Կէս գիշերին Ս. Ծննդեան այր իջան Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական աթոռներու ամենապատիւ գահակալները։ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները եւ Պոլիսէն մեկնած հոգեւոր հայրերն ալ երկու պատրիարքներու շուրջ էին։ Այստեղ երգուեցան Ս. Ծննդեան շարականները եւ հրեշտակներու օրհներգութիւնը. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն…»։ Այս փուլին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան Ս. Ծննդեան այրէն տուաւ իր տաղաւարի պատգամը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, որ Քրիստոս խաղաղութեան իշխան մըն էր։ Ուստի, Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց սիրոյ եւ խաղաղութեան կարեւորութիւնը։ Շարականներու երգեցողութիւնով շարունակուեցաւ արարողութիւնը, որուն միշտ կը մասնակցէին Պաղեստինի ղեկավարութենէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

Յետ Ճաշու ժամերգութեան, կէս գիշերն անց, Ս. Ծննդեան տաճարի հայոց Ս. Սեղանին վրայ պատարագեց Պոլսոյ Աթոռի միաբաններէն Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերակիցներու շարքին էր։ Արարողութեան հանդիսապետեց լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան։ Պատարագիչ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան Տէրունական աղօթքէն առաջ տուաւ քարոզ մը, որու ընթացքին Ս. Ծննդեան խորհուրդի, մոգերու այցելութեան եւ մանուկ Յիսուսին բերուած նուէրներուն վրայ կանգ առաւ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ նաեւ Ջրօրհնէք՝ ի խորհրդանշումն Քրիստոսի Ս. Մկրտութեան։ Ապա, կէս գիշերի այս Ս. Պատարագէն վերջ, առաւօտեան առաջին ժամերուն ալ Ս. Ծննդեան սրբավայրին վրայ Պատարագեց Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսուչ Տ. Թէոդորոս Ծայրագոյն Վարդապետը։

Այս իրերայաջորդ Ս. Պատարագներէն վերջ կազմուած թափօրը բարձրացաւ տեսչարան, ուր եւս շարունակուեցաւ շարականներու երգեցողութիւնը եւ հանդիսապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի արթնութեան օրհնութեամբ եւ արձակման աղօթքով եզրափակուեցան Բեթհեղէմի Ս. Ծննդեան տաճարի հոգեպարար արարողութիւնները եւ յաջորդ օրուան սկիզբին բոլոր միաբանները վերադարձան Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Հայոց վանքը։

ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Քաղաքի մէջ գտնուելու առիթէն օգտուելով քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Երուսաղէմի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոս Ահմէտ Ռըզա Տեմիրէրին։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ աւագ հիւպատոսի օգնական Էմրէ Եըլմազ։

Աւագ հիւպատոս Ահմէտ Ռըզա Տեմիրէր ուրախութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Թուրքիոյ հիւպատոսարանին մէջ ողջունելու առիթին կապակցութեամբ։ Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար եւ բացատրութիւններ տուաւ իր ուղեւորութեան շարժառիթներուն կապակցութեամբ։ Ջերմ զրոյցի աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ստորագրեց նաեւ աւագ հիւպատոսարանի պատուոյ տոմարը։ Ընդունելութեան աւարտին, ի յիշատակ այս հանդիպման, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը աւագ հիւպատոսին նուիրեց նաեւ գիրք մը։

 

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023