ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ Տ. ՆՈՒՐՀԱՆ ԱՐՔԵՊՍ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ
Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան ներկայիս դարձեալ կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Մեր ստացած տեղեկութիւններով, ան նախընթաց օր ժամանած է քաղաքս, ուր կ՚իջեւանի Էլմատաղի «Տիվան» պանդոկին մէջ։ Իր կեցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ յաջորդ շաբթուան առաջին օրերը։
Սա Նորին Ամենապատուութեան «անպաշտօն», «մասնաւոր» հերթական առեղծուածային այցելութիւնն է դէպի Իսթանպուլ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Երուսաղէմի մէջ այս շաբաթավերջին ըստ Հին տոմարի նշուելիք Բուն Բարեկենդանի սեմին եկած է քաղաքս, իր Սուրբ Աթոռէն բացակայելով Ս. Վարդանանց տօնի օրով։ Իսկ Իսթանպուլի մէջ մեր եկեղեցին արդէն Մեծ պահոց նուիրական շրջանին մէջ է, հետեւաբար նոյնպէս մեր ստացած տեղեկութիւններով՝ իրերայաջորդ արեւագալներու մթնոլորտին մէջ՝ Պատրիարքական Աթոռը չէ կրցած մշտական ուղեկից մը տրամադրել Երուսաղէմի Պատրիարքին։
Չենք կրցած ստուգել, որ ան ունի՞ ուղեկից մը Երուսաղէմէն, թէ ոչ։ Ամէն անգամ, որ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան քաղաքս կ՚այցելէ՝ միշտ օրակարգի վրայ կու գան նաեւ անցեալի մէջ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան պատկանած կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման նիւթերը։ Ս. Յակոբեանց վանքէն երկար ժամանակ առաջ մեզի պաշտօնապէս հաղորդուած էր, որ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը Թուրքիոյ մէջ համաձայնած է փաստաբանական ընկերութեան մը հետ։ Այս վերջինը կը հետապնդէ Ս. Աթոռի շահերը Թուրքիոյ տարածքէն ներս, իսկ վանքը այդ ծառայութիւններուն փոխարէն վճարում մը պիտի ընէ, միայն եթէ շօշափելի արդիւնք մը արձանագրուի։
Երուսաղէմի մէջ վերջերս գումարուած էր Միաբանական ընդհանուր ժողով, որու աւարտին հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ մատնանշուած էր, թէ օրակարգի վրայ եկած էին կալուածներու վերաբերեալ հարցեր։ Յամենայնդէպս, հաղորդագրութեան մէջ մանրամասնութիւն մը չէր նշուած, թէ Թուրքիոյ տարածքէն ներս գտնուող անցեալի կալուածներու խնդիրն ալ քննարկուա՞ծ էր, կամ ոչ։
Նորին Ամենապատուութեան այս հերթական այցելութիւնը կը զուգադիպի Միաբանական ընդհանուր ժողովին եւ հրապարակուած հաղորդագրութեան յաջորդած ներկայ շրջանին։ Հետեւաբար, միշտ ալ այժմէական կը նկատուի կալուածներու վերաբերեալ հարցը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութեան ժամկէտը հետաքրքրական է նաեւ այն առումով, որ իր կեցութեան օրերուն քաղաքէս կը բացակայի Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելելու բերումով։
Այս այցելութիւնը հերթական պատեհ առիթն է կրկնելու համար, թէ իսկապէս օգտակար պիտի ըլլայ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի Թուրքիոյ երբեմնի կալուածներուն վերաբերեալ գործընթացին շուրջ պաշտօնական լուսաբանութեան մը տրուիլը, կանխելով նաեւ մամուլին մօտ հաւանական վարկածներու արծարծումը։ Իսկ եթէ Նորին Ամենապատուութեան այցելութիւնը այս բոլորէն աւելի տարբեր շարժառիթ մը ունի, եւ այդ մէկուն բանաձեւումը կ՚ըլլայ «մասնաւոր այց» որակումով, ապա անշուշտ, թէ վարկածները արդէն աւելի տարբեր բնոյթ մը կրնան ստանալ։
Նորին Ամենապատուութիւնը այս առաւօտ իր իջեւանած պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցած է Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի հետ։
Բարի կեցութիւն կը մաղթենք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին Իսթանպուլի մէջ։