ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց «Հայ-Աղուանական եկեղեցական յարաբերութիւնները 2-8-րդ դարերուն» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը՝ որու հեղինակն է պատմաբան Փրոֆ. Հենրիկ Սվազեան։ Այս աշխատութեան մէջ կը պարզաբանուին քրիստոնէութեան Աղուանք ներթափանցումը, ընդունուիլը, ինչպէս նաեւ պատմական Մեծ Հայքի ու Աղուանքի միջեւ փոխյարաբերութիւնները։ Հեղինակը ներկայացուցած է նաեւ մեկնաբանութիւններ՝ Հայ եւ Աղուան եկեղեցիներու առընչութիւններուն վերաբերեալ։ Ուսումնասիրութեան մէջ քննուած են նաեւ առանձին տեսակէտներ, հերքուած կամ ճշգրտուած են շարք մը դրոյթներ։

Հայկական, ասորական եւ վրացական աղբիւրներու  ու պատմագիտական գրականութեան հիման վրայ պատրաստուած այս մենագրութիւնը առաջին ամբողջական աշխատութիւնն է՝ Աղուանից եկեղեցւոյ եւ հայ-աղուանական եկեղեցական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ Այս պատմագիտական ուսումնասիրութիւնը նախատեսուած է թէ՛ պատմաբաններու եւ թէ յիշեալ հարցերով հետաքրքրուած ընթերցողներու լայն շրջանակի մը համար։

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020