ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու առաջնորդները շաբաթավերջին աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան այս առթիւ հիւրընկալեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը եւ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանը։ Նիւ Եորքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս առաջնորդները աշխատանքային երեք նիստերու ընթացքին շօշափեցին ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ընդհանուր մտահոգութեան առարկայ զանազան հարցեր։ Երեք առաջնորդները մէկտեղուեցան նաեւ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի շրջանի հովիւներուն հետ։ Անոնք իրենց օրհնութիւնը տուին նաեւ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին, որ վերջին ամիսներուն Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի։

Նիւ Եորքի առաջնորդարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ առաջնորդներու խորհրդակցութեան ընթացքին մասնաւոր ուշադրութիւն ցուցաբերուած է երիտասարդ հոգեւորականներու պատրաստութեան, նոր սերունդի ուղղեալ առաքելութեան, քրիստոնէական ու հայկական մշակութային դաստիարակութեան նկատմամբ՝ ներառեալ կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ դպրոցական ծրագրերը։ Բաց աստի, անոնք կարծիքներ փոխանակեցին եկեղեցւոյ առաքելութեան աշխարհականները եւս ընդգրկելու, նաեւ ընդհանուր երաժշտական աշխատանքներու շուրջ։ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերը հետամուտ պիտի ըլլան ընդարձակելու բոլոր ջանքերը՝ ծառայութիւններու թուային հարթակի վրայ մատուցման նպաստելու համար։

Հուսկ, առաջնորդները վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը իրարու առաքելութեան աջակցելու ուղղութեամբ։ Մինչ անոնք ապագային ալ կանոնաւոր ձեւով շփման մէջ մնալ կը նախատեսեն՝ շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ի շարունակութիւն կը ծրագրուի նաեւ երեք թեմական խորհուրդներու ատենապետներու հանդիպումը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 20, 2023