ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպեցաւ՝ հերթական երեքշաբաթեայ վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակից քահանաներուն, որոնք ժամանած էին Հայաստանի կամ սփիւռքի զանազան թեմերէն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի տնօրէն Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեան հանդիպման սկիզբին հայցեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը՝ տեղեկութիւններ փոխանցելով վերապատրաստման դասընթացքներուն շուրջ։
Այնուհետեւ, Նորին Սրբութիւնը հայրական իր օրհնութիւնը փոխանցեց հոգեւոր հայրերուն, կարեւորեց վերապատրաստման դասընթացքները, որոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն տարբեր թեմերէ ժամանած հոգեւորականներուն՝ համախմբուելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, իրենց ուխտը վերանորոգելու, հոգեւոր փորձառութիւններ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ քննարկելու Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան առջեւ ծառացած արդի մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման ուղիները։
Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցականներուն յորդորեց ամենայն ջանք ի գործ դնել ազգին, հայրենիքին ու Եկեղեցիին այս ծանր ու դժուարին օրերուն առաւել ջանասիրաբար ծառայելու համար։ Ան այս առընչութեամբ քահանայ հայրերուն պատգամեց՝ յաւուր պատշաճի արձագանգել ազգային կեանքէն ներս տեղ գտած անցանկալի երեւոյթներուն եւ այսպէսով նպաստել առկայ դժուարութիւններու յաղթահարման։
Անդրադառնալով սփիւռքի հայորդիներուն կողմէ հայրենիքին բերուած աջակցութեան՝ Վեհափառ Հայրապետը ի մասնաւորի սփիւռքի մէջ ծառայող եկեղեցականներուն յորդորեց իրենց համայնքներուն միջոցաւ տեղւոյն իշխանութիւններուն առջեւ բարձրաձայնել Հայաստանի եւ Արցախէն տեղահանուած հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։
Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց նաեւ հոգեւորականներու գործօն մասնակցութիւնը հայորդիներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։
ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆ
Միւս կողմէ, Նորին Սրբութիւնը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց նաեւ Երեւանի մօտ Յունաստանի նորանշանակ դեսպան Խրիստոս Սոֆիանոփուլոսը։