ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գար­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Ա­րա­րա­տի ստո­րո­տին» խո­րագ­րեալ մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը լրագ­րող­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լին նա­խա­տե­սուած Սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան եւ Սեպ­տեմ­բե­րին կա­յա­նա­լիք Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան։ Այս եր­կու հանգ­րուան­նե­րուն ալ կը նա­խա­տե­սուի մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան լայն մաս­նակ­ցու­թիւն։ Այսպէս, զանազան եկեղեցիներու, միջեկեղեցական կամ էքիւմենիք կա­ռոյց­ներու, զանազան կրօններու եւ միջկրօնական կազ­­մակերպութիւններու կողմէ շուրջ 80 ներկայա­ցուցիչ եւ 38 պատուիրակութիւն պիտի փութայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2015